
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
«…Ես որեւէ ոճի հետ ամուսնացած չեմ: Կանգ պիտի չառնեմ երգ մը գրելէ, եթէ զգամ որ անիկա նախորդ գործերուս սահմաններէն դուրս կ՛անցնի…»
Հոկտեմբեր 23ին, Մելինէ Քիւրտեան պիտի հրապարակէ 5 երգով նոր խտասալիկ՝ «The Where and How»ը. խումբ մը բարձր մակարդակի երգիչ-երգահաններու հետ միասին ելոյթ պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի Hotel Cafe-ի բեմէն:
Այս առիթով Ճորճ Ատուրեան Մելինէին հետ ունեցաւ անգլերէնով զրոյց մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞վ Է Մելինէ Քիւրտեանը:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Երգի հեղինակ-երգչուհի մըն եմ՝ հաստատուած Լոս Անճելըս: Ամերիկահայ կին մը՝ ծնած եւ հասակ նետած Քենզըսի (Kansas) մէջ: æերմ մօտեցում ունիմ երաժշտութեան հետ կապուած ամէն ինչի նկատմամբ եւ հետաքրքրուած եմ ամէն ինչով, որ կեանքին հետ կապ ունի:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Դուք ֆրանսերէն լեզուի վկայական ունիք. երբեք օգտագործա՞ծ էք այդ վկայականը մասնագիտական աշխատանքի մէջ:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Քենզըսի համալսարանի երրորդ տարուան դասընթացքներուն կը հետեւէի եւ պէտք էր մասնագիտական ճիւղ մը ընտրել: Երաժշտութեամբ զբաղելով հանդերձ, անոր մէջ մասնագիտանալու ճիւղը չընտրեցի: Ուրեմն ճիւղերու երկար ցանկին նայելէ ետք, ֆրանսերէնը ընտրեցի: Բնաւ աշխատանք մը չվարեցի, որուն համար ֆրանսերէն խօսիլը անհրաժեշտ ըլլար, սակայն անիկա գործնական հմտութիւն մըն է, մանաւանդ գինի ապսպրելու կամ ճամբորդութեան պահուն:
Շատ մեծ բախտաւորութիւնը ունեցայ ուսանողութեան շրջանին արտասահման երթալու եւ Անժէի (Ֆրանսա) մէջ դասերու հետեւելու: Հայերէնի կողքին այլ լեզու մը գիտնալը միշտ օգտակար եղած է եւ կը յուսամ ուրիշ լեզուներ ալ սորվիլ: Իմիջիայլոց, քանի որ լեզուներու մասին կը խօսինք ըսեմ, որ կը յուսամ շուտով նաեւ մի քանի հայերէն երգեր գրել:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս անդրադարձաք որ ծնած էք երաժիշտ ըլլալու:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Երբ երեխայ էի, նախ ուզեցի պալլէի պարող դառնալ: Բայց շատ արագ հրաժարեցայ անկէ: Ապա նկատեցի որ ժայռերը եւ ինքնաշարժները կը սիրեմ, ուստի մտածեցի որ կ՛ուզեմ երկրաբան եւ ինքնաշարժներու «տիզայնըր» դառնալ:
Երաժշտութիւնը միշտ կեանքիս հարուստ բաժինը եղած է: Շատ կանուխ հասակիս սկսայ դաշնակ նուագելու, զուգահեռաբար՝ թաւջութակ. կիթառը յայտնաբերեցի «հայ սքուլ»ի ժամանակ: Մասնագէտ երաժիշտ եւ հրապարակուող արուեստագէտ դառնալու իսկական յանձնառութիւնը տեղի ունեցաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ համալսարանը աւարտելէ ետք փոխադրուեցայ Նիւ Եորք, ուր սկսայ ելոյթներ ունենալու ակումբներու (clubs) մէջ: Շատ կանուխէն գիտէի որ կը սիրեմ երգեր գրել, ձայնագրել եւ ելոյթներ ունենալ:
Ըսեմ, որ մէկ կողմէ այլընտրանք չունիմ՝ ստիպուած եմ զայն հետապնդելու, իսկ միւս կողմէ՝ ամէն օր իմ ընտրանքովս ճանապարհս կը շարունակեմ իբրեւ մասնագէտ երաժիշտ: Այս մէկը կրնայ հակասական հնչել, սակայն կը հաւատամ որ այս երկու երեւոյթները միաժամանակ գոյութիւն ունին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք ձեր երաժշտութիւնը: Մէ՞կ ոճի մէջ կը մնաք, թէ տարբեր ոճեր փորձած էք:

ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Երաժշտութիւնս կը տեղաւորուի տարբեր, բայց իրար հետ կապ ունեցող ոճերու մէջ, սակայն այդ մէկը կախեալ է իւրաքնչիւր երգի բնոյթէն: Ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ ես «աքուսթիք-ռոք» ոճի երգող-երգի հեղինակ եմ: Իմ նոր EP «The Where and Now» խտասալիկս հաճելի մեղեդիներու խառնուրդն է: Առաջին երգը՝ «Between Me Now»ը «ռոք»ային է, դիւրահաճ եւ «փոփ»ի (pop) եզրով՝ հաստատ կշռոյթով եւ ելեկտրոնական կիթառով յառաջ ընթացող: Ապա խօսինք «Sending Boxes» խորագիրով երրորդ երգին մասին. անիկա կը խայտա «ալթ-քաունթրի աքուսթիք» զգացումով՝ Քարլ Պայրընի հոյակապ աքորտիոնի բաժինով:
Ես որեւէ ոճի հետ ամուսնացած չեմ: Կանգ պիտի չառնեմ երգ մը գրելէ, եթէ զգամ որ անիկա նախորդ գործերուս սահմաններէն դուրս կ՛անցնի: Երբ զգամ որ անոր նիւթը իրական, հարազատ տեղէ մը կու գայ, երգը ամուր է, կը հետեւիմ անոր: Բաւական լայնախոհ եմ երբ հարցը կը վերաբերի երաժշտական փորձեր կատարելուն եւ կը սիրեմ իրագործել այնպիսի բաներ, զորս նախապէս չեմ կատարած: Նոյնիսկ կ՛ուզէի որ մէկ կամ երկու DJ-ներ այս երգերուն remix-ը (խառնուրդ) ընեն բոլորովին տարբեր ձայն եւ զգացում յառաջացնելու համար:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գրէք ձեր երգերը: Նախ երգին բառե՞րը ունիք եւ անոր հիման վրայ երաժշտութի՞ւնը կը յօրինէք, թէ՝ մեղեդին ունիք եւ անոր բառեր կը յարմարցնէք, եւ կամ ունիք բոլորովին այլ ձեւ մը:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Խօսելով գրելու մասին՝ անցած եմ տարբեր փուլերէ եւ մօտեցումներէ: Նախապէս կը նստէի՝ դիմացս գրիչ մը, թուղթ մը եւ կիթառ մը եւ պարզապէս կը գրէի: Հիմա՝ կը պատահի որ կիթառի վրայ եղանակ մը յայտնուի եւ համակարգիչիս դիմելով սկսիմ ձայնագրել եղանակը անոր աւելցնելով պատահական բառեր: Իրագործումի մէկ ձեւ չունիմ, սակայն որոշ ուղեցոյց կը սահմանեմ ինքզինքիս համար՝ մի՛ դատեր երաժշտութիւնն ու բառերը որոնք բնականաբար դուրս կու գան, զուարճացի՛ր: Երբ գտնուիմ այնպիսի վիճակի մը մէջ, ուր սկսիմ գործընթացիս հանդէպ դատողական վերաբեմունք ունենալ, կարիքը կը զգամ կանգ առնելու եւ ինքզինքիս յիշեցնելու, որ երբեմն պէտք է գրեմ այնպիսի բաներ, որոնց հանդէպ մեծ խանդավառութիւն չունիմ՝ մինչեւ որ ունենամ այն երգը, զոր պիտի սիրեմ:

Ուրիշ բան մը որ մեծ պարգեւ մըն էր իմ երգ գրելու գործիս համար, ընկերոջս՝ թմբկահար Սթիւ Քրուկմընի (Steve Krugman) հետ համագործակցութիւնս էր: Մի քանի տարի առաջ ֆրանսական սրճարանի մը մէջ նստած սկսանք երգեր գրելու: Ան երգի բառեր կը բերէր եւ ես անոնց երաշտութիւնը կր գրէի:
Վերջերս առիթը ունեցայ գրելու երգ մը Հէրի Որբերեանի «The I» խորագիրով, Նոյեմբեր 6ին եւ 7ին Casitas Studio-էն ներս տեղի ունենալիք արուեստի ցուցահանդէսին նուիրուած: Այնտեղ տեղի պիտի ունենայ երգին (նոյնպէս «The I» խորագիրով) կատարումը յատուկ պարի մը ընկերակցութեամբ: Շատ սիրեցի յատկապէս ա՛յս երգը գրելը, որովհետեւ անիկա ներշնչուած էր այլ արուեստագէտի մը գործէն: Անհամբեր կը սպասեմ տեսնելու սոյն ծրագիրին արդիւնքը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ե՞րբ հրապարակած էք ձեր առաջին խտասալիկը (CD-ն):
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Արտադրող (producer) Թոնի Քօնիֆֆին (Tony Conniff) հանդիպեցայ Նիւ Եորքի «Պիթըր Էնտ» (Bitter End) «պար»ին մէջ, եւ անմիջապէս զգացի որ կ՛ուզեմ անոր հետ աշխատիլ եւ «ալպոմ» մը ձայնագրել: Երկու տարի շարունակ աշխատեցանք, ձայնագրեցինք եւ 2004ին հրապարակեցինք «Ֆրամ Ուէր Իու Ար» (From Where You Are) խորագիրով երգերու «ալպոմ»ը:
Այդ «ալպոմ»ի իրականացումը մեծ յաղթանակ մըն էր: Անկէ առաջ «սօլօ» (մենկատար) գործեր չէի ունեցած. շատ ուրախ էի այդ տասը երգերը կեանքի կոչելուս համար:
Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, խանդավառ կը զգամ իմ վերջին «ալպոմ»իս հրապարակումին նկատմամբ. անոր խորագիրն է՝ «Տը Ուէր Էնտ Հաու» (The Where and How) եւ անիկա արտադրուած է Ճէյսըն Լորտի (Jason Lord) կողմէ, այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Կ՛ենթադրեմ որ արուեստագէտի մը համար լաւ զգացում մըն է ստեղծել այնպիսի գործեր, որոնցմով կարելի է հպարտ ըլլալ: Ասիկա շատ պարզ եւ քաղցր բան մըն է:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կրնա՞ք երեք բառով նկարագրել ձեր երաժշտութիւնը:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Այդ մէկը ընելը շա՛տ դժուար բան է: Կրնամ միայն մէկ բան ըսել՝ կը յուսամ որ մարդիկ կարենան զուգորդուիլ երաժշտութեանս հետ սրտանց եւ խորունկ մակարդակի վրայ: Կը սիրեմ երգիչի եւ հանդիսատէսի միջեւ փոխանակումները՝ ինքնաբերականութիւնը (spontaneity), խնդուքը, լռութիւնը եւ զուարճալի պահերը: Օտարներու եւ համակիրներու հետ երգերս բաժնելը մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է ինծի համար:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կրնա՞ք մէկ բառով դուք ձեզ նկարագրել:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Հաւանաբար պէտք չունիմ ձեզի ըսելու, որ ատիկա ընելը շատ դժուար բան է: Սակայն եւ այնպէս, զուարճանքի սիրոյն ըսեմ, որ այդ բառը «Սէր»ն է:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հոկտեմբեր 23ին պիտի հրապարակէք 5 երգով ձեր նոր խտասալիկ «The Where and How»ը. խումբ մը բարձր մակարդակի երգիչ-երգահաններու հետ միասին ելոյթ պիտի ունենաք Լոս Անճելըսի Hotel Cafe-ի բեմէն:
ՄԵԼԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ.- Հոկտեմբեր 23, 2010ի երեկոյեան ժամը 8ին, աստղային խումբս պիտի միանայ ինծի հոյակապ վայրի մը մէջ՝ Լոս Անճելըսի Hotel Cafe-ին: Անիկա սքանչելի սրահ մըն է երաժշտութիւն լսելու եւ հաճելի բեմ՝ կատարումներու համար: Պիտի կատարենք խտասալիկի բոլոր երգերը, նոր երգ մը, զոր Սթիւն ու ես գրած ենք, նաեւ այլ իւրայատուկ գործեր:
Hotel Cafe-ի երեկոն խճողուած պիտի ըլլայ իմ սիրած անձերով, բոլորս միասին պիտի տօնենք «The Where and How» խտասալիկի արձակումը:
Երաժշտութիւնս կատարելը աշխարհի ամէնէն սիրած բանս է. շատ մեծ հրճուանք է բեմ բարձրանալը եւ խանդավառելը:
Հոկտեմբեր 23, 2010ի երեկոյեան ժամը 8ին տեղի ունենալիք ելոյթի հասցէն.- Hotel Cafe, 1623, N. Cahuenga Blvd., Los Angeles, CA 90069, www.hotelcafe.com
«The Where and How» խտասալիկը կրնաք ստանալ համերգի ընթացքին, ինչպէս նաեւ iTunes-ի վրայ կամ՝ www.cdbaby.com կայքէն: