ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուական աղբիւրներ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22ին հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը Ֆրանսայի խորհրդարանէն ստացած է վերջերս ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուայի գլխաւորութեամբ խումբ մը երեսփոխաններու Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութեան առնչութեամբ իր բողոքի նամակին պատասխանը։
Այդ նամակին մէջ խորհրդարանի նախագահ Պեռնար Աքոյեր տեղեկացուցած է, որ այդ այցելութիւնը Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնական առաքելութիւն չի համարուիր եւ խորհրդարանը չէ վճարած անոր ծախսերը: Աքոյեր նաեւ յայտնած է, որ այցելութիւնը կատարուած է ֆրանսացի երեսփոխաններու անձնական նախաձեռնութեամբ։
Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ յիշեալ երեսփոխաններու ոչ պաշտօնական դիրքորոշումը կասկածի տակ պիտի չի դնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին Ֆրանսայի մասնակցութիւնը, որ կը շարունակէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած իր ջանքերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.