ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախաձեռնութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան դասախօսական հանդիպում մը կայացաւ համալսարանի սրահին մէջ։ Համալսարանի պատասխանատուներէն Անդրանիկ Տագէսեան, իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ փոքր ժողովուրդները կը հետաքրքրուին մեծ պետութիւններու եւ անոնց ժողովուրդներու մշակոյթով ու մտաւորական շարժումով։ «Մենք՝ իբրեւ լիբանանցի եւ իբրեւ հայ, արդէն կապուածութիւն մը կը զգանք Սփիւռքի ոստայնին, եւ դուրսէն մեզ հիւրաբար այցելող բանախօսներու փոխանցած տեղեկութիւններով մենք անոնց հետ մտաւորական առումով ալ աւելի ներդաշնակութիւն մը կրնանք յառաջացնել», ընդգծեց Տագէսեան՝ նշելով, որ ամերիկահայ մտաւորական, պատմաբան Արամ Արքուն, այս իմաստով կրնայ կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցել ամերիկահայ գաղութին, յատկապէս մամուլին մասին։ Ապա ան ներկայացուց Արքունը՝ նշելով, որ եղած է դասախօս ամերիկեան զանազան համալսարաններու մէջ եւ քաջածանօթ է արդի հայ պատմագրութեան, յատկապէս 1920ական թուականներու զինադադարէն ետք մինչեւ Կիլիկիոյ պարպումը։ Ան վարած է խմբագիրի թէ վարիչի պաշտօններ «Արմինիըն Միրըր» թերթին եւ ապա՝ «Քլարա եւ Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնին մէջ։
Ապա շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Արամ Արքուն ներկայացուց Արեւելեան Ափի հայ մամուլը՝ անոր սկզբնաւորութիւնը վերագրելով 19րդ դարու վերջերուն։ Ըստ բանախօսին, շուրջ 130 տիպի մամուլ լոյս տեսած է յիշեալ թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափը, յատկապէս՝ Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Ճըրզի քաղաքներուն մէջ։
Առաջին պարբերականը՝ «Արեգակ»ը, լոյս տեսած է 1888ին, ապա՝ «Սուրհանդակ»ը՝ Նիւ Եորքի մէջ, ետքը՝ «Ազատութիւն»ը, խմբագրութեամբ Հայկ Էկինեանի։
Արքուն յայտնեց, թէ ընդհանրապէս այդ շրջանին հայ մամուլը լոյս տեսած է նիւթական դժուարութիւններով եւ ունեցած է կարճ կեանք։ Ներկայիս, կացութիւնը գրեթէ նոյնն է, եւ այս մարզով յանձնառու հայեր կը նախընտրեն համացանցին վրայ կայքէջի դրութեամբ ընթերցողներ ներգրաւել ու հայութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցել։
Եղած են նաեւ թերթեր, որոնք աւելի երկարաշունչ եղած են, ինչպէս «Հայրենիք» (1923-1967) ամսագիրի վերածուելէ ետք եւ ապա եռամսեայ դրութեամբ մինչեւ 1970։ Անգլիատառ մամուլ է նմանապէս՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ն, որ 1934էն մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ, եւ այժմ ունի իր կայքէջը, ուր ամսական աւելի քան 120 հազար անձեր կ՛այցելեն։
Արքուն յայտնեց նաեւ, թէ հայ մամուլը թէեւ եղած է անհատ նախաձեռնութիւններու ծնունդ, սակայն չէ կրցած այդպէս յարատեւել, գլխաւորաբար նիւթական դժուարութիւններու բերումով։ Մինչ կուսակցական օրկանները փորձած են առաւել երկար գոյատեւել, հակառակ իրենց նիւթական վնասներուն։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ հայ ղեկավարութիւնը քննադատող, անկէ հաշիւ պահանջող իրապէս անկախ մամուլ գրեթէ չենք ունեցած։ Արքունի թուած մամուլի ցանկին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ անուններուն՝ «Տիգրիս», «Ձայն հայրենեաց», «Եփրատ», «Երիտասարդ Հայաստան», «Արծիւ», «Արաքս», «Ազգ», «Արմինիըն Միրըր» եւ այլն։
Իր եզրակացութեան մէջ Արքուն ընդգծեց հայ մամուլի դերին կարեւորութիւնը ազգային գրական ու մտաւորական բնագաւառներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.