ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի անդամ Սամուէլ Արաբաջեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ Յունուար 1էն Հոկտեմբեր 1 երկարող ժամանակահատուածին համացանցէն օգտուողներուն թիւը աւելցած է աւելի քան 2 անգամով: Արաբաջեանի խօսքով, Յունուար 1ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ համացանց օգտագործողներուն թիւը կը կազմէր շուրջ 120-125 հազար, իսկ Հոկտեմբեր 1ին՝ անիկա կը գերազանցէր 160 հազարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.