ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սիւնիքի մարզին մէջ հաւանական է ստեղծել արդիւնաբերական գօտի մը, ուր ձեւաւորուած ձեռնարկութիւնները պիտի ունենան մէկ ընդհանուր նպատակ՝ բացայայտել այն ներուժը, զոր ունի Հայաստանը գիւղատնտեսութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Իրանի մէջ Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցած հայ-իրանական գործարար համաժողովին ընթացքին, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը՝ աւելցնելով, որ նման գօտիի մը ստեղծումը առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնէ երկաթուղագիծի կառուցման աշխատանքները, քանի որ սեփական հատուածին համար լրացուցիչ խթան կ՛ըլլայ անիկա՝ երկաթուղագիծի կառուցման աշխատանքներուն ներդրումներ կատարելու համար:
«Մեր ձեռներէցները մաքսային ծառայութիւնների աշխատանքին վերաբերող մի շարք խնդիրներ բարձրացրեցին այս օրերի ընթացքում, այդ պատճառով մենք հրաւիրել ենք Իրանի մաքսային ծառայութեան ղեկավարին այցելել Հայաստան, եւ հայ գործընկերների հետ քննարկել այդ ոլորտում համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցեր», ըսած է Տ. Սարգսեան՝ կարեւոր համարելով իրանցի գործընկերներու կողմէ եղած այն առաջարկը, որ կ՛ենթադրէ միասնական մաքսային դարպաս ստեղծել:
«Անհրաժշտութիւն կայ, որպէսզի մէր իրանեան գործընկերներն աւելի լաւ պատկերացում ունենան Հայաստանի օրէնսդրութեան մասին, իսկ մեր գործարարներին անհրաժեշտ է աւելի մանրակրկիտ ներկայացնել Իրանի օրէնսդրութիւնը՝ տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատելու համար», ըսած է Տիգրան Սարգսեան, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատին լրացուցիչ իրաւասութիւններ տրամադրելու, որպէսզի մաքսազերծման գործընթացը հեշտութեամբ իրականանայ:
«Մեր առեւտրաշրջանառութեան ծաւալների մէջ Իրանը զբաղեցնում է ընդամէնը եօթներորդ տեղը, այն պարագայում, երբ մեր հաշուարկները ցոյց են տալիս, որ հնարաւոր է էապէս բարձրացնել այդ ցուցանիշը եւ կազմակերպել այնպիսի առեւտրաշրջանառութիւն, որ տնտեսապէս աւելի ձեռնտու լինի: æանքեր են ներդրուելու նաեւ տուրիզմի զարգացման առումով: Այստեղ մեր տուրիստական գործակալութիւնները անելիքներ ունեն՝ ներկայացնելու մեր երկրների տուրիստական գրաւչութիւնները», նշած է Տիգրան Սարգսեան՝ յոյս յայտնելով, որ հայ-իրանական համագործակցութեան ոլորտները ընդլայնուին նաեւ կրթական ոլորտին մէջ: Արդարեւ, կը նախատեսուի Հայագիտական կեդրոն ստեղծել Թեհրանի պետական, իսկ Իսլամագիտական կեդրոն՝ Երեւանի պետական համալսարաններուն մէջ:
ԻԻՀ հանքերու, առեւտուրի ու արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մոհամմատ Նահաւանտեան, իր կարգին կարեւոր համարած է ՀՀ վարչապետի գլխաւորութեամբ հայաստանեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Իրան: «Այն խնդիրները, որոնց մասին խօսուեցան այս երկու օրերուն ընթացքին, կը գտնուին Իրանի նախասիրութիւններու շարքին: Մենք կ՛ուզենք բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել հարեւան պետութիւններուն հետ, ու այդ առումով համագործակցութեան եզրեր փնտռելու համար, կը գործադրենք մեր բոլոր ջանքերը», ըսած է Մոհամմատ Նահաւանտեան՝ յատկանշական համարելով արդիւնաբերական գօտիի ստեղծումը, որուն միջոցով տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ պիտի արձանագրուին յաջողութիւններ: