ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի իշխանութիւնները Եւրոպական Միութեան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին տեղեկացուցած են, որ պատրաստակամ են Նոյեմբեր 10էն ետք իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութեանց վերսկսելու: Իրանի պետական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձակատար Քաթրին Աշթընին ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնած է, որ Իրան պատրաստ է՝ «երկու կողմերուն յարմար թուականի մը եւ վայրի մը մէջ» բանակցութիւններ կատարելու։
Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց, որ նամակը ստաձած է եւ Աշթըն իրանեան առաջարկը «շատ կարեւոր» զարգացում մը կոչեց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.