ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՓԱՐԻԶ.- «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Քրաուլի, Հոկտեմբեր 28ին, Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Սարգսեանի, Մետվետեւի եւ Ալիեւի, համատեղ վերջին յայտարարութեան։
Քրաուլի նշած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ համատեղ յայտարարութիւնը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնութիւն կը յայտնեն՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եւ Միջազգային Կարմիր խաչի կոմիտէի աջակցութեամբ, պատերազմական գերիներու փոխանակում կատարելու եւ զոհերու աճիւնները վերադարձնելու ուղղութեամբ։
«Բարձր կը գնահատենք կողմերուն միջեւ փոխվստահութիւն ձեւաւորող եւ 1994ին ստորագրուած զինադադարի ամրապնդման ուղղուած համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ՝ նախագահ Մետվետեւի կողմէ գործադրուած ջանքերը», ըսած է ան՝ նշելով, որ այս յայտարարութիւնը «դրական զարգացում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործընթացին մէջ։ Համաձայնագիրին մէջ նշուած քայլերու շուտափոյթ իրականացումը կ՛ակնկալենք»։
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Փարիզ կ՛ողջունէ Աստրախանի յայտարարութիւնը՝ պատերազմական գերիներու վերադարձի եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման վերաբերեալ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ նաեւ Ռուսիոյ նախագահի անձնական ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ «Աստրախանի մէջ կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած միջոցառումները կրնան օգնել լարուածութեան մեղմացման եւ կրնան նուազեցնել հրադադարի խախտման դէպքերը, որոնք վերջին ամիսներուն յաճախակի դարձած են։ Ճիշդ այդ պատճառով Ֆրանսան կ՛ակնկալէ, որ անոնք կը գործադրուին առանց ձգձգումի», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն երկխօսութեան միջոցով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.