
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 7ին, կ.ե. ժամը 1ին տեղի պիտի ունենայ «Պատմական Հայաստանի հայկական կոթողներու ներկայ իրավիճակը» նիւթով դասախօսութիւն-քննարկում մը:
Օրուան դասախօսն է՝ հանրածանօթ պատմաբան, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ եւ Արեւմտեան Հայաստանի ուխտագնացութեանց առաջին առաջնորդողը՝ Արմէն Արոյեանը:
1990ական թուականներէն ի վեր, Արմէն Արոյեան «Armenian Heritage Tours» կազմակերպութեան միջոցաւ կազմակերպած է վաթսունէ աւելի ուխտագնացութիւն դէպի հայրենի պապենական երկիր, ու արձանագրած է աւելի քան 400 ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական տեսաերիզներ ու պատմական նիւթեր:
Նոյեմբեր 7ի ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պիտի ցուցադրուի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերջին պատարագին տեսահոլովակը:
Դասախօսական այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, որ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ ներկայ ըլլալու անոր:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: