ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ Անգարա կ՛ողջունէ Աստրախանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որ կ՛առնչուէր գերիներու փոխանակման եւ զոհերու դիակներու վերադարձին։ «Թուրքիան յոյսով է, որ Աստրախանի հանդիպումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.