ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան առաջարկով, կառավարութիւնը յառաջիկային պիտի սկսի Նուբարաշէնի թունաւոր նիւթերու գերեզմանոցին շուրջօրեայ պահպանութեան՝ Հայաստանի ոստիկանութեան ուժերով:
Նշենք, որ Նուբարաշէնի թունաւոր նիւթերու գերեզմանոցը կառուցուած է 1976ին, ՀՍՍՀ նախարարներու խորհուրդին որոշումո,վ եւ կը գտնուի Երեւան քաղաքի Էրեբունի վարչական տարածքին մէջ, æրաշէն, Գեղանիստ եւ Մուշաւան գիւղերու հարեւանութեամբ։ Նշեալ գերեզմանոցին մէջ թաղուած շուրջ 512 թոն նիւթերը իրենց վտանգին մակարդակով կը դասուին 1ին եւ 2րդ աստիճանի:
Թունաւոր նիւթերու գերեզմանոցի վերին շերտին մէջ թաղուած նիւթերը արտաբերուած են ու ցրուած ամբողջ տարածութեան մէջ, նաեւ գործածութենէ դուրս եկած է ջրահեռացման համակարգը, քանդուած են փշալարերուն յենասիւնները ու դարպասը կոտրուած է:
Նուբարաշէնի նշեալ հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը բնորոշուի իբրեւ արտակարգ իրավիճակ: Հարկաւոր է հաւաքել տարածքին մէջ ցրուած թունաւոր նիւթերը եւ աղտոտած հողաշերտը եւ թաղել, ծածկել գերեզմանոցի վերին շերտը, վերականգնել վնասուած հատուածները եւ կառուցել նոր ջրահեռացման համակարգ ջրվէժի տեսքով:
Հաշուի առնելով թունաւոր նիւթերու խիստ վտանգը եւ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը, եւ մինչ անոնց ոչնչացման հարցերուն լուծումը, կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը համարէ այդ տարածքին մէջ իրականացնել պահակային ծառայութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.