
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի կ՛ամբողջանայ հայոց պատմութեան մէջ ամենահին եւ ամենաազդեցիկ քաղաքական կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակը: Այս առիթով, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) հայկական ամպիոնը եւ «Armenian Review»ն կազմակերպած են ակադեմական գիտաժողով մը՝ ՀՅԴ պատմութեան, ներկայ գործունէութեան եւ ապագայ հեռանկարներուն մասին:
Գիտաժողովը, որուն խորագիրն է՝ «ՀՅԴն 120 տարեկան. պատմութեան կերտում», տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 4, 2010ին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաժողովներու «Տէյվիտսըն» կեդրոնէն (Davidson Conference Center) ներս, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ:
Գիտաժողովը պիտի քննարկէ առանցքային շարք մը խնդիրներ, ինչպէս՝ Հայաստանէն ներս ՀՅԴի գործունէութեան ընկերատնտեսական ոլորտները, կանանց դերը ՀՅԴի շարքերէն ներս եւ մարտահրաւէրները, որոնք կու գան մէկ կողմէ պետական մակարդակի վրայ բանող քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալու հանգամանքէն, իսկ միւս կողմէ՝ Սփիւռքով մէկ տարածուած քաղաքական շարժում մը ըլլալու իրողութենէն: Պիտի կատարուին նաեւ պատմական զարգացումներու գնահատականներ եւ պիտի քննուին այժմէական շարք մը հարցեր:
Միօրեայ այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին ուսումնասիրողներ, մասնագէտներ եւ գործիչներ՝ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, որոնք պիտի ներկայացնեն բազմաշերտ վերլուծականներ ՀՅԴ գործունէութեան 120ամեակին առիթով:
«Պենթլի» համալսարանէն փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան, որ նաեւ «Armenian Review»ի խմբագիրն է, կը յայտնէ, թէ իր տարողութեամբ աննախընթաց այս գիտաժողովը բնականաբար պիտի չկարենայ ամբողջական քննարկում մը կատարել կուսակցութեան գործունէութեան, սակայն պիտի կարենայ ապագայ ուսումնասիրութեան համար յստակ ուղիներ սահմանել:
Գիտաժողովը բաժնուած է երեք գլխաւոր բաժիններու: Առաջին բաժինը, որ պիտի համադրուի փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողմէ (UCLA), յատկացուած է կուսակցութեան պատմութեան՝ թէ՛ բաղդատական ու թէ զուտ ներհայկական տեսանկիւններէն: Հոն պիտի քննուի նաեւ կուսակցութեան ազգային ու ընկերվարական գաղափարաբանութեան կազմաւորումը: Այս քննարկումին մաս պիտի կազմեն փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղ), Էլքէ Հարթմեն (Պերլինի Ազատ համալսարան), փրոֆ. Արա Սանճեան (Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղ) եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Պուենոս Այրեսի «Սան Անտրես» համալսարան):
Հայաստանի մէջ ՀՅԴի դերակատարութեան նուիրուած երկրորդ բաժինը պիտի համադրուի փրոֆ. Ստեփան Աստուրեանի (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղ) կողմէ, իսկ քննարկումներուն մաս պիտի կազմեն Արսէն Ստեփանեան («Քաունթըրփարթ Արմինիա»), Մարիա Թիթիզեան (Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահներէն), փրոֆ. Արա Խանճեան (Վենթուրայի համալսարան), փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեան (Մեսեչուսեցի համալսարանի Լոուըլ մասնաճիւղ) եւ փրոֆ. Վիգէն Եագուպեան («Ուոտպըրի» համալսարան):
Գիտաժողովին երրորդ բաժինը յատկացուած է վերջին քանի մը տասնամեակներուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ՀՅԴի գործունէութեան: Այս բաժինը պիտի համադրէ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէլեան («Ուեսլիըն» համալսարան), իսկ քննարկման մասնակիցներէն են՝ Արամ Համբարեան (Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար), Արմէն Սարգիսեան (Արցախի խորհրդարանի անդամ), փրոֆ. Յովհաննէս Կէօքճեան (Պէյրութի ամերիկեան համալսարան) եւ փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան («Պենթլի» համալսարան):
Մուտքը ազատ է եւ ելոյթները ուղղակի պիտի ցուցադրուին ներքեւ յիշուած համացանցային կայքերէն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութեանց համար, այցելել www.arf120.com կամ arf120@armenianreview.org կայքերը, կամ հեռաձայնել (323) 540-2540 թիւին: