ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Հեռաձայնէ՛ Ինծի
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մեր առօրեայ կեանքը դիւրացնող ու դժուարացնող այս գործիքին՝ հեռաձայնին մասին, մինչեւ իսկ մէկ մատ երեխաները գաղափար ունին այսօր: Յաճախ չափահասներու չիմացած «ծալքերուն» մէջ կրնան մտնել անոնք, այնտեղէն ընտրել տարբեր ծրագիրներ կամ երաժշտութիւն, եւ նոյնիսկ անել կացութեան մատնուած անոր չափահաս տիրոջ ուղղութիւններ տալ՝ հեռաձայնի գործածութեան մասին:
Ոմանց համար տակաւին ձեռքի խաղալիք նկատուող այս առարկան, կարեւոր նշանակութիւն ունի ուրիշներու համար, անհրաժեշտութեան պարագային փրկութեան համազօր դառնալու իր արժէքով:
Կան նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք կը հեռաձայնեն քեզի, երբ ձանձրացած ըլլան կամ՝ անգործ: Հեռաձայնելը գործ ընել չի՛ նշանակեր այս պարագային, այլ՝ անգործութիւնը փարատել: Չե՛մ նախանձիր անոնց, որոնք հեռաձայնի ընկալուչը ժամերով կրնան իրենց ականջին մօտիկ պահել, կամ ձայնալուր փոքրիկ փողերը ականջի խոռոչներուն մէջ թխմած՝ երկար ժամեր զրուցել մարդոց հետ: Չե՛մ ալ կրնար պատկերացնել կամ գիտնալ ուզել, թէ ի՞նչ կրնան ըլլալ երկար ժամերով խօսուած նիւթերը: Դեռ աւելին, յատկապէս բջիջային հեռաձայններով երկար ժամեր խօսողներուն հաշւոյն ա՛յլ մտահոգութիւն ալ ունիմ, որ արդի գիտութեան բերած նորութիւնն է, թէ՝ ուղեղային որոշ հիւանդութիւններ կրնան յառաջանալ բջիջային հեռաձայնը երկար ժամանակ գլխուն մօտ պահելէն, նկատի ունենալով որ մագնիսային դաշտ ունին այդ հեռաձայնները իրենց շուրջ:
Վերջին ժամանակներուն, քաղաքակրթուած երկիրներէն առնելով օրինակը՝ նաեւ երրորդ աշխարհի երկիրներ ունեցած են վտանգի մէջ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու ձեռք երկարող կառավարական ցանցեր, որոնք յատուկ հեռաձայնային գիծերով օժտուած ըլլալով՝ շուտով կը պատասխանեն հնչող հեռաձայններուն, եւ իմանալով վտանգի մէջ գտնուող անձին ճիշդ հասցէն՝ կը փութան այնտեղ, պէտք եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերելու անոր:
Անշուշտ երկրէ երկիր կը տարբերի փութացողութեան չափն ու աստիճանը, նկատի ունենալով տուեալ երկրին նիւթական ու մարդուժի հնարաւորութիւնները: Այսպէս, շատ քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ, օգնութեան հեռաձայնը հնչելէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան անց, հրշէջի թէ հիւանդատար ինքնաշարժներ կը ժամանեն դէպքին վայրը՝ տեղւոյն վրայ կացութիւնը անմիջապէս հակակշռի տակ առնելով: Այդ կացութիւնը կրնայ ըլլալ ինքնաշարժի արկած, գողութիւն, մարդասպանութիւն, սրտի կաթուածի կամ այլ հիւանդութեան պարագայ, եւ այլն:
Որոշ երկիրներու մէջ, ուր նման ծառայութիւններ իրենց կատարելագործուած ձեւը գտած են արդէն, դէպքի վայրէն պատահաբար անցորդին խորհուրդ չի՛ տրուիր անմիջական օգնութիւն ցուցաբերել կարիքաւորին, յատկապէս, երբ ատիկա հիւանդութեան կամ մանաւանդ արկածի պարագայ է: Որովհետեւ արկածահար անձին օգնելու նպատակով, անոր մարմինին վրայ մեր բանեցուցած սխալ մէկ շարժումը, ճակատագրական կրնայ ըլլայ անոր ապագայ կեանքին՝ անդամալուծութեան եւ յոռեգոյն պարագային անոր մահուան պատճառ դառնալով: Առ այդ, նման կացութեանց ականատես եղող անցորդներուն կը պատուիրուի միայն հեռաձայնել այն թիւերուն, զորս տուեալ երկրի կառավարութիւնը նշած է, իբրեւ անհրաժեշտ պարագային օժանդակութիւն խնդրելու հեռաձայնի թիւեր:
Դարձեալ, քաղաքակրթուած երկիրներու ճամբորդական անցագիրներուն մէջ յատուկ էջ յատկացուած կ՛ըլլայ՝ անոր սեփականատիրոջ ամէնէն մօտիկ հարազատին հեռաձայնի թիւը եւ հասցէն արձանագրելու համար, ի պահանջել հարկին անոր հետ կապ պահելու եւ օգնութեան կարիք ունեցող քաղաքացիին ընտանեկան շրջապատը յայտնաբերելու համար:
Վտանգի պարագային պետական ապահովութիւն խնդրելու սոյն պարագայէն բացի, մարդիկ նաեւ սովորութիւն ունին իրենց հարազատներուն, կամ ամէնէն մօտիկ բարեկամներուն հեռաձայնել՝ երբեմն պարզապէս ուղղութիւն հայցելու անոնցմէ:
Նոյնիսկ նախքան անձնասպանութիւն գործելը, պատահած է որ նման անձը հեռաձայնէ իր մօտիկ մէկ բարեկամին, եւ հարց տայ անոր՝ ըսելով, թէ ճիշդ պիտի ընէ՞ արդեօք անձնասպան ըլլալով: Այս պարագային, եթէ բարեկամը իսկապէս զինք սիրող անձ է, անպայման պիտի ջանայ անոր միտքէն հեռու վանել նման փորձութիւն՝ համոզելով զինք ու ըսելով, թէ ինչքա՜ն գեղեցիկ է այս կեանքը, նոյնիսկ իր դժուարութիւններով ու փորձութիւններով: Փաստօրէն, վարդը այնքան ալ հմայք պիտի չունենար ու գրաւիչ պիտի չըլլար, առանց իր փուշերուն…:
Ամէն անձ այս աշխարհի վրայ ունի մեծ ու անկեղծ բարեկամ, որ սովորական բարեկամէ անդին է, անշուշտ: Մեր այդ Բարեկամը միշտ կը հետեւի մեր կեանքի բոլոր քայլերուն, կը հովանաւորէ մեր բարի աշխատանքները եւ միշտ կ՛ուզէ, որ կապի մէջ ըլլանք Իրեն հետ: Յաճախ, մեր կարիքը ունեցող ընկերոջ հետ երկար ժամանակ անցընելէ ետք, երբ հարկադրաբար պիտի բաժնուինք անկէ ու տուն երթանք, կամ ճամբորդութեան բերումով ստիպողաբար պիտի հեռանանք իրմէ, խրատատուութեան ճամբով մեր օժանդակութիւնը շարունակելու իբրեւ միջոց, կ՛ըսենք անոր.
– Հեռաձայնէ՛ ինծի:
Մեր ամէնէն մօտիկ Բարեկամը՝ Աստուած, Ի՛նք ալ մեզի կ՛ըսէ յաճախ՝ «Հեռաձայնէ՛ ինծի»: Երբեմն մեր հոգեկան տագնապներուն մէջ չենք լսեր Անոր ձայնը: Սակայն եթէ լաւ ականջ տանք, մեր հոգիի «հեռաձայն»ի զանգին ձայնը մի՛շտ պիտի լսենք, որովհետեւ Ան մեր ցաւին ու դժուարութիւններուն մէջ մեզ չի՛ լքեր, երբե՛ք, այլ՝ յաճախ կը փնտռէ մեզ ու կ՛ուզէ մեզի հետ խօսիլ, ամոքելու համար մեզ մեր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ:
Աստուծոյ հեռաձայնի զանգին ձայնը կը լսե՞ս: Անիկա միշտ կը հնչէ հոգիիդ մէջ, մանաւանդ, երբ կարիքը ունենաս մէկու մը, որուն պատմես ցաւերդ ու դժուարութիւններդ: Սա մարդկային ամէնէն բնական պահանջներէն մէկն է՝ ուրիշին պատմել ապրուած ցաւն ու տառապանքը: Ոմանք այդ կարելիութիւնը չունենալով՝ յուսահատական մէկ վայրկեանին վերջ կու տան իրենց կեանքին:
Եկեղեցին Խոստովանահայրի դրութիւնը ստեղծած է նաեւ նման կացութիւններու մէջ օգտակար հանդիսանալու համար տառապող հաւատացեալին, որովհետեւ խոստովանուած յանցանքը կը թեթեւնայ, ու նոյնիսկ անոր պարունակած մեղքը աւելի դիւրա՛ւ քաւութեան կ՛արժանանայ:
Երբ ունինք նման Բարեկամ, որ չի խնայեր ո՛չ իր հեռաձայնը, ո՛չ ալ իր ժամանակը մեզի համար, ինչո՞ւ չենք կապուիր Անոր հետ, որ պատրաստ է մեզ լսելու, նոյնիսկ եթէ երկար պիտի խօսինք Իրեն հետ: Աղօթքն է Աստուծոյ հետ կապուելու միջոցը, որ ներկայ դարու ծախսալից հեռաձայններուն հետ բաղդատած՝ ո՛չ միայն ամէնէն աժան, այլ ձրի՛ հաղորդամիջոցն է, ան ալ՝ Աստուծոյ հետ: Աղօթէ՛…: