
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 24ին, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ հաւատացեալներ հաւաքուած էին նշելու Նշան Ա. քհնյ. Պէյլէրեանի ծն-նդեան 90 եւ հոգեւոր, ազգային ծառայութեան 60ամեայ յոբելեանները:
Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, իսկ քարոզիչը՝ Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ տէր Նշանի կեանքին ու գործունէութեան՝ կարեւոր համարելով անոր վաստակը, սկսած Երուսաղէմէն ու Սուրբ Էջմիածինէն, մինչեւ Եգիպտոս եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Քարոզէն ետք, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը:
Սուրբ պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Ղազանճեան» սրահին մէջ, ի պատիւ յոբելեարին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Նշան Ա. քհնյ. Պէյլէրեանին, իրենց որդիական սէրը եւ գնահատանքը յայտնեցին Ծխական խորհուրդի անդամները, ատենապետութեամբ՝ տոքթ. Եղիա Տաղլեանի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սպասաւորները: Ապա իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանը: