
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք վերլուծաբան, լրագրող եւ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմետ Ալի Պիրանտ, անդրադառնալով «Չեթըմ Հաուս»ի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտււլլահ Կիւլի մրցանակ շնորհուելուն, կը գրէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը Թուրքիոյ պատճառով կէս ճամբան մնաց։
«Կիւլի ստացած մրցանակը շատ կարեւոր է. «Չեթըմ Հաուս»ը արեւմտեան աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր կեդրոններէն մէկն է։ Յայտնի է իր խորհրդաժողովներով: Իսկ Կիւլին այդ մրցանակը շնորհելու պատճառներէն մէկն ալ Հայկական Հարցի նկատմամբ ցուցաբերած մօտեցումն ու զայն կարգաւորելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերն էին», կը գրէ թուրք վերլուծաբանը՝ ընդգծելով, որ Թուրքիան ատրպեճանական հակազդեցութեան դիմաց տեղի տուաւ։ «Սակայն ցաւօք՝ չկրցանք հասնիլ խնդիրի կարգաւորման։ Ինչքան ալ փորձեն խնդիրի կարգաւորման անլուծելիութիւնը բարդել Երեւանի վրայ, միեւնոյնն է, ամբողջ պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն կ՛իյնայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի հակազդեցութեան առջեւ խոնարհեցանք։ Այդ պատճառով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կէս ճամբան մնաց մեր անընդունակութեան պատճառով», կը յայտնէ Պիրանտ։
Յայտնի լրագրողուհի Ամպերին Զաման «Հապէր Թիւրք»ի իր սիւնակին մէջ նման մեկնաբանութիւն մը կ՛ընէ ու անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա գործընթացին, կը գրէ. «Ճիշդ այս կէտին վրայ է որ սրտաբեկութիւն մը կը համակէ մեր ողջ էութիւնը, որովհետեւ որքան, որ նախագահը, պնդէ թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած փրոթոքոլները ո՛չ սառեցուած եւ ոչ ալ «մեռած են», իրականութիւնը բոլորին աչքերուն առջեւն է։ Մինչդեռ, եթէ Ատրպէյճանի ճնշումներուն դիմաց վիզ չծռէինք ու կրկին մէջտեղ չքշէինք «առանց ղարաբաղեան հարցը լուծելու կարելի չէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւել» պնդումը,
թերեւս «Չեթըմ Հաուս»ի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ կը պարգեւատրուէր Էլիզապէթ Բ. թագուհիի կողմէ։ Լոնտոնի մօտ մեր դեսպանը՝ Իւնալ Չեւիքէօզ Հայաստանի հետ տարուած գաղտնի բանակցութիւններու գլխաւոր հերոսներէն մէկն էր։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի դեսպանն ալ՝ նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Կիրակոսեանն է, որ օրին Հայաստանի անունով բանակցութիւնները կը վարէր»։