ՊՈԼԻՍ.- «Էրմենիհապեր.ամ» լրատուական կայքին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Նոյեմբեր 11ին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող «Երեք Խորան» հայկական եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Կոմիտաս վարդապետի «Պատարագը»՝ նուիրուած հայ մեծանուն երգահանի ծննդեան 140 եւ մահուան 75 ամեակներուն:
Վարդապետի ստեղծագործութիւնը պիտի մատուցուի «Գուսան 2010» երգչախումբի կողմէ, որ կազմուած է Պոլսոյ հայկական տղոց երգչախումբի ընտրանիէն: