
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11ին հաղորդուեցաւ, թէ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է Իրաքի յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու հարցին շուրջ, որ երկիրը քաղաքական անորոշութեան մէջ ձգած էր Մարտի ընտրութիւններէն ի վեր:
Ըստ համաձայնութեան, վարչապետի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ Նուրի Մալիքին, որու դաշինքը երկու աթոռի առաւելութիւն մը ապահոված էր ընտրութեանց ընթացքին, մինչ սիւննիներու աջակցութիւնը վայելող Այատ Ալլաուիին գլխաւորած դաշինքին խոստացուած է խորհրդարանի նախագահութիւնը եւ կարգ մը նախարարութիւններ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Ըստ համաձայնութեան, Իրաքի նախագահ պիտի մնայ քիւրտ ղեկավար Ճալալ Թալապանին:
Հինգշաբթի օր, Իրաքի խորհրդարանը Մարտի ընտրութիւններէն ետք իր երկրորդ նիստը գումարեց: