
ՆԻՒ ՏԵԼՀԻ, «Նիուզ».- Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ, Նոյեմբեր 12ին լրագրողներու եւ վերլուծաբաններու հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները աւարտեցան արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ: Անոր հաւաստումով, ո՛չ «լուռ դիւանագիտութիւն» կայ, ոչ Ցիւրիխի «երկրորդ փուլ», ոչ ալ նոր բանակցութիւններ:
«Թուրք քաղաքական գործիչներից ոմանք, եւ որոշ թուրքական լրատուամիջոցներ խօսում են այդ մասին, բայց ես չգիտեմ, թէ ո՛ւմ է ուղղուած «լուռ դիւանագիտութիւնը»: Հռոմէական փիլիսոփայ-կայսր Մարկոս Աուրելիոսի յայտնի «Մտքերը» վերնագրուած էին՝ «Ինքս ինձ մտքեր հասցէագրելով»», նշած է նախարար Նալբանդեան եւ աւելցուցած, սակայն, որ դիւանագէտները իրենց միտքերը կը հասցէագրեն այլ դիւանագէտներու, եթէ նպատակ ունին դիւանագիտական լուծումներ գտնել:
«Միակ քայլը, որ մնում է այս երկարատեւ գործընթացում՝ հայ-թուրքական արձանագրութիւնների վաւերացումն ու իրականացումն է, առանց յաւելեալ ձգձգումների: Հայաստանը պատրաստ կը լինի շարժուել առաջ, եթէ Թուրքիան նորից պատրաստ լինի շարժուել առաջ կարգաւորման գործընթացում, առանց նախապայմանների», ըսած է Նալբանդեան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ բազմիցս յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «լուռ դիւանագիտութիւն» կ՛ընթանայ:
Ելոյթէն ետք, Միջազգային յարաբերութիւններու հնդկական խորհուրդի տնօրէն Սուտհիր Տեւայերի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան քննարկած է ԱԳՆ դիւանագիտական դպրոցին եւ նշեալ խորհուրդին միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Նոյեմբեր 12ին, Հայաստանի ԱԳ նախարարը մեկնեցաւ Կալկաթա, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Պենկալի նահանգապետին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Մի հաւատաք,ըստ Սփիւրքահայութեան
Համոզումին-!