ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ընկերային ապահովութեան պետական ծառայութեան պետ Վազգէն Խաչիկեանի՝ վերջին քանի մը օրերուն գործէ բացակայութեան մասին հարցումի մը իբրեւ պատասխան, նշեալ ծառայութեան մամլոյ պատասխանատու Լուսինէ Թովմասեան Նոյեմբեր 12ին յայտնեց, թէ Խաչիկեանի բացակայութեան պատճառը անոր առողջական վիճակն է։
Երէկ, հայաստանեան մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն համաձայն, Խաչիկեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած է, երբ Վերահսկիչ պալատը ստուգումներ իրականացուցած է իր ղեկավարած «իւղոտ կառոյցէն ներս», ու յայտնաբերած է աղաղակող բազմաթիւ չարաշահումներ:
Ըստ տարածուած լուրերուն, ստուգումներու արդիւնքներուն ծանօթանալէ ետք, Խաչիկեանի ճնշումը կտրուկ կերպով բարձրացած է ու ան հրաժարական ներկայացնելով՝ հեռացած է Մոսկուա: Նախարարութեան տեղեկատուական բաժինէն յայտնեցին, որ այս լուրը պէտք է ճշդել ծառայութեան մամլոյ պատասխանատուին ճամբով, որ իր կարգին, կասկածանքով յայտնեց, թէ Խաչիկեան Հայաստան կը գտնուի, իսկ հրաժարականի դիմումին մասին ինք տեղեկութիւն չունի: «Մենք էլ թերթից իմացանք այդ մասին», ըսաւ ծառայութեան մամլոյ պատասխանատուն: