Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շուէտի գլխաւոր ընդդիմադիր, Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան նախագահ Մոնա Սահլի, խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին բաւարար յաջողութիւն արձանագրել չկարենալուն պատճառով, հրաժարած է կուսակցապետի պաշտօնէն՝ կուսակիցներուն պահանջքով։ Վերջիններս զինք մեղաւոր նկատած են կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն լաւապէս չպատրաստելուն համար։ Մարտին նախատեսուած է Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան նոր նախագահի արտահերթ ընտրութիւնը։ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան առաջին կին նախագահ Մոնա Սահլի կարեւոր աշխատանք տարած էր Մարտ 11ին, Շուէտի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.