Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր գրեթէ մեր բոլոր յօդուածներուն մէջ անդրադարձած ենք կնոջ դերին ու պարտականութիւններուն մասին։ Ուշադրութեամբ թելադրանքներ կատարած ենք՝ միշտ դէպի աւելի լաւին ձգտելու նախանձախնդրութեամբ։ Գնահատած ենք անոր պատմական առաքելութիւնը եւ նոր մտասեւեռումով, արդի կեանքի պահանջքներու թելադրանքով, նորանոր յոյսեր կապած ենք անոր անձին ու անհատականութեան հետ։
Այս տարի, յատկապէս երբ ՀԱՅ ԿՆՈæ ՏԱՐԻ հռչակուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ, որոշ մտորումներ անպայման կ՛ուզենք բաժնել ձեզի հետ։
Անհրաժեշտ է ընդունիլ եւ գնահատել վեհափառին կեցուածքը։ Կարելի է զայն սեպել ազնիւ մտայղացում մը, միաժամանակ բարձր գիտակցութեան արտայայտութիւն՝ արժանաւոր կերպով պատուելու, յարգելու, մեծարելու եւ նոր պատասխանատուութեան քաղցր բեռ մը աւելցնելու ՀԱՅ ԿՆՈæ ազնիւ ու համեստ ուսերուն վրայ։
Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը կ՛ըսէ. «Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք խորհրդածելու մեր հաւաքական կեանքին առնչուած եզակի արժէքի մը, կարեւոր երեւոյթի մը առանցքային մտահոգութեան մը կամ լուրջ մարտահրաւէրի մը մասին, եւ զանազան ազդու միջոցներով շեշտելու անոր կենսական կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւե՛լ կազմակերպման ու ծաղկման։
«Նոյն ակնկալութենէն մեկնելով, եւ նկատի ունենալով ՀԱՅ ԿՆՈæ վերապահուած կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, 2010 տարին կը հռչակենք՝ «ՀԱՅ ԿՆՈæ ՏԱՐԻ»
Արդարօրէն Վեհափառ հայրապետը եզակի արժէք համարելով կը մեծարէ ու կը պատուէ հայ կինը… Կնոջ գոյութիւնը իբրեւ սերունդներու դարբին՝ կարեւոր երեւոյթ կը համարէ մեր ազգային կեանքէն ներս։ Առանցքային կարեւորութեամբ կը շեշտէ հայ կնոջ արժանաւոր դերն ու դիրքը ազգային հասարակական, ընկերային կեանքէն ներս եւ լուրջ մարտահրաւէրներ կը կարդայ Արդի Հայ Կնոջ, յաջողութեամբ պսակելու իրեն վստահուած բազմազան կարեւոր պարտականութիւնները, ընտանեկան, ազգային եւ ընկերային կեանքէն ներս։
5րդ դարուն, Հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին, Վարդանանց Պատերազմի տագնապալի օրերուն, հայ կնոջ հաւաքական դիրքորոշման եւ կեցուածքի կը գտնենք այնպիսի վկայութիւններ, որոնք արդար հպարտութեամբ կը տոգորեն հայ կնոջ հոգին:
Եղիշէ Պատմիչ եւ Ղազար Փարպեցի իրենց յիշատակութիւններով կը վկայեն Վարդանանց Պատերազմի ընթացքին նահատակուող եւ պարսից մօտ գերի ինկած նախարարներու, տանուտէրներու, իշխաններու եւ զօրավարներու կիներու եւ դուստրերու, անոնց քաջարի ու արժանապատիւ կեցուածքներու մասին:
Մեր ժամանակներուն, երբ լուսաւորութեան եւ ազատագրութեան մթնոլորտն է տիրապետողը, իրաւունքի եւ պահանջներու իրագործման նուիրուած կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ շատ բնական երեւոյթներ կը համարուին։
Սակայն յետադարձ ակնարկ մը նետելով մեր պատմութեան էջերուն վրայ, կը տեսնենք թէ այս երեւոյթը ինքնին շատ բնական իրավիճակ էր հայ իրականութեան մէջ՝ նոյնիսկ դարեր առաջ։
Մինչ այսօրուան քաղաքակրթուած աշխարհի զանազան երկիրներ տակաւին կը մաքարէին կնոջ իրաւունքներ պարգեւելու եւ զայն այր մարդուն կողքին համահաւասար քաղաքացի համարելու ջանքեր կը թափէին, հայ կինը իր արժանաւոր տեղն ու յարգանքը կը վայելէր արքունիքին, մեհեանին, եկեղեցիին ու տան մէջ մանաւանդ։
Մեր նախահայրերը կեանքի համն ու հօտը համարած են կինը, տան շունչ տուողը սեպած են զայն ու մինչեւ իսկ տան կաւէ աղամաններուն տուած են կնոջ ձեւ՝ մէկը ճաշին համ տուող, իսկ միւսը՝ կեանքին ու ընտանիքին։
Հայ կնոջ հոգեկան կապը մեր մշակութային արժէքներուն հետ կարելի է տեսնել նաեւ մեր պատմութեան զանազան շրջաններուն։ Պատմականօրէն հայ կինը ծանօթ է իբրեւ թէ՛ արուեստասէր եւ թէ՛ գիրի ու գրականութեան ջատագով։ 10րդ դարու Խոսրովանուշ Թագուհին, Աշոտ Գ. Ողորմածի կողակիցը, բազում այլ շինարարութեանց կողքին, կառուցել տուած է նաեւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերը, որոնց համար ծախսած է իր ամբողջ օժիտը։ Խոսրովանուշի հիմնած վանք-համալսարանները դարձած են մտքի եւ գիտութեան կաճառներ: Ահա հայ կնոջ մտայղացումով եւ բոլորանուէր ջանքերով իրագործուած ծրագիրներ՝ դեռ եւս միջնադարուն։
Ուրեմն ինչքա՜ն բան կ՛ակնկալուի 21րդ դարու հայուհիէն, համալսարանաւարտ հայ կնոջմէն, որ հնարաւորութիւնը ունի մեր դարուն ընձեռած քաղաքակրթութեան եւ ճարտարարուեստի բարիքները վայելելու եւ զանոնք գործածելու, կառուցելու համար մշակոյթի անխորտակելի ամրոցներ եւ թիկունք կանգնելու մեր ազգային գոյատեւման ճիգերուն։
Այս բոլորը նկատելու, արժեւորելու եւ ասոնց մասին խորհրդածելու համար այս տարին հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ Տարի։ Համեստօրէն հպարտանալով իբրեւ հայ կին, հայ այր մարդոց կողմէ մեզի տրուած յարգանքներուն համար, միաժամանակ արդարօրէն կը գիտակցինք եւ սիրայօժար կը ստանձնենք մեր ընտանեկան, ազգային եւ հանրային ծանր պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները։
Նոր տեսլականներով դէպի առաջ… Բարի երթ:
———————————————————————-
Կարծիքներ Կիներու Մասին
Ի՞նչ է կնոջ պարտականութիւնը։ Առաջին հերթին ինքզինզք զարգացնել եւ բարձրացնել, ապա բարձրացնել իր կողքի այր մարդը։ Արժանաւոր եւ գեղեցիկ կինը իտէալ մըն է այր մարդուն համար։ Ան կրնայ ներշնչել այր մարդուն, մղել զայն բարձրագոյն արժանիքներ նուաճելու, առիթ կ՛ընծայէ անոր, որ մտածէ բարիի ու վեհ արժէքներու մասին՝ միաժամանակ խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն կը պարգեւելով անոր հոգիին։
Կիները կրնան աշխարհը փրկել եւ պիտի փրկեն անպայման։ Միայն մայրերը կրնան աշխարհը փրկել։ Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան աշխարհի մէջ փոփոխութիւն մտցնել առանց կնոջ, պատրանքի մէջ կ՛ապրին։ Մէկ խօսքով, անոնք սխալ ճանապարհի վրայ կը գտնուին։
Պուլկարացի Հոգեւոր Առաջնորդ
Փիթըր Տէօնով
Կինը քնար մըն է, որ իր գաղտնիքները կը յայտնէ միայն անոր, որ զինք նուագել գիտէ։
Օնորէ Տը Պալզաք