
ՓԱՐԻԶ, «ՓանԱրմինիըն».- Աշխարհահռչակ ֆրանսացի դերասան Ժերար Տեփարտիէօ հանդէս եկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծիրէն ներս՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի աջակցելու կոչով:
Ըստ ֆրանսացի լրագրող Ժան Էքեանի, Տեփարտիէոյի տեսաուղերձը տեղադրուած է «YouTube»ի վրայ:
Նշենք, որ այս տարի հիմնադրամին հեռուստամարաթոնը կ՛ընթանայ «Ջուրը կեանք է» կարգախօսով: Կ՛ակնկալուի, որ այս տարի Ֆրանսայի մէջ 10 տոկոսով աւելի գումար հաւաքուի, քան 2009ին հաւաքուած գումարը՝ 1.3 միլիոն եուրօ:
12 ժամ տեւող հեռուստամարաթոնը պիտի հեռարձակուի Նոյեմբեր 25ին: Հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին Արցախի եւ Հայաստանի գիւղական համայնքներու ջրային համակարգի բարելաւման:
Յիշեցնենք, որ Ժերար Տեփարտիէօ Սեպտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ծաղիկներ զետեղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ, հանդիպած էր երկրի ղեկավարութեան հետ, ինչպէս նաեւ դարձած էր «Կարօտ 2010» մրցանակի դափնեկիրը: