
Ըստ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած դիւանագիտական նամակագրութեանց, «Մեսթըրքարտ» ընկերութիւնը 2005ին տեղի տուած է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան միջոցաւ Անգարայի իշխանութեանց ճնշումներուն դիմաց, եւ ներողութիւն խնդրած է Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Հարցը կը վերաբերի Պոլսոյ մէջ կայացած Եւրոպայի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեաններու մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ իրարու դէն հանած էր «Լիվըրփուլ» ու «Էյ.Սի. Միլան» խումբերը: Այս աւարտականին առիթով, «Մեսթըրքարտ»ը պատրաստած էր Պոլսոյ մասին 290 էջնոց գրքոյկ մը, որուն մէջ գրուած էր Թուրքիոյ քիւրտերուն դէմ զինուորական արշաւին ու Օսմանեան կայսրութեան օրերուն «հայերու համատարած ջարդերուն» մասին: