ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 6ին հանդիպում մը կազմակերպած է Հայաստան բնակող իրաքահայերու եւ Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային ու արտօնագիրներու վարչութեան պետի տեղակալ Վահագն Մինասեանի միջեւ: Վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանելու ներկայ իրաքահայերը յուզող այն խնդիրներուն, որոնք կը վերաբերին անձնագիրներու եւ քաղաքացիութեան տրամադրման խնդիրներուն:
Թէեւ հանդիպման ներկաներէն շատերը Հայաստան կը բնակին քանի մը տարիէ ի վեր, բայց անոնք տակաւին քաղաքացիութիւն չունին: Հիմնական պատճառը, ըստ հանդիպման մասնակիցներուն, անպարտութեան վկայագիրն է, որ անոնք պէտք էր բերէին Իրաքէն, ինչ որ, սակայն, հնարաւոր չէ եղած:
Վահագն Մինասեան տեղեկացուցած է, որ այս խնդիրը արդէն լուծուած է, եւ այսուհետեւ առանց վերոնշեալ փաստաթուղթի առկայութեան, հնարաւոր պիտի ըլլայ ստանալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: «Ինձ մօտ արդէն եղել են մի քանի իրաքահայեր, ովքեր այս ընթացակարգով ստացել են քաղաքացիութիւն», նշած է Վահագն Մինասեան:
Հանդիպման մասնակից իրաքահայերը նաեւ անդրադարձած են փաստաթուղթերուն մէջ անուններու ձեւակերպման կամ թարգմանութեան հետ առնչուող խնդիրներուն: Ի պատասխան՝ Վահագն Մինասեան խորհուրդ տուած է հետագայ բարդութիւններէն խուսափելու համար նախ այցելել Լեզուի պետական տեսչութիւն եւ ստանալ սեփական անուն-ազգանուանի ճիշդ գրելաձեւը՝ գրական հայերէնին համաձայն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վարդան Մարաշլեան հանդիպման աւարտին խոստացած է յառաջիկային կազմակերպել նմանատիպ հանդիպումներ եւս, որոնց ընթացքին համապատասխան գերատեսչութիւններու մասնագէտները պիտի պատասխանեն իրաքահայերը յուզող հարցերու: Յառաջիկայ երկու հանդիպումները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի վերաբերին առողջապահական եւ կրթական խնդիրներու, եւ անոնց պիտի հրաւիրուին համապատասխան նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ 2010ին, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մշակուած եւ ՀՀ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած է «Հայաստանի հանրապետութիւնում բնակուող իրաքահայերի ինտէգրման» հայեցակարգը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.