ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան «Վարդաշէն» բանտէն Դեկտեմբեր 9ին վաղաժամկէտ ազատ արձակուած է մէկ այլ քաղբանտարկեալ՝ Ֆելիքս Գէորգեան, որ կրած է իր պատիժին մէկ երրորդը:
Յիշեցնենք, որ Ֆելիքս Գէորգեան ձերբակալուած էր 2008ի Մարտ 1ի դէպքերէն ետք: Ան դատապարտուած էր 7 տարուան բանտարկութեան՝ ապօրինի զէնք ու զինամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու համար։
Նշենք, որ Ֆ. Գէորգեանի ազատ արձակումով, Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը նուազեցաւ հասնելով 9ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.