ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 9ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (ԱԳՆ) Էդուարդ Նալբանդեանի աշխատանքային հանդիպումը իր ռուս եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:
Հայաստանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, հանդիպման ընթացքին շարունակուած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչուող օրակարգային հարցերու շուրջ քննարկումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.