ԹԵԼ ԱՒԻՒ, ԱՆԳԱՐԱ.- Իսրայէլացի պաշտօնատար մը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Իսրայէլ առաջարկած է «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին զոհուած թուրք գործիչներուն համար վնասուց հատուցում վճարել, եթէ փոխարէնը Անգարա իսրայէլեան ծովուժին դէմ բացուած դատէն հրաժարի։
«Մենք հատուցման առաջարկ մը ըրինք, եւ թուրքերէն խնդրեցինք մեր իրաւաբանական մտահոգութիւնները փարատելու համար՝ հարկ եղածը կատարել։ Մենք նաեւ կ՛ուզենք իրենց դեսպանին վերադարձը տեսնել, ինչպէս նաեւ մեզի արտօնել Անգարայի մէջ նոր դեսպան մը նշանակել։ Սակայն առայժմ մեծ արգելքներ կան», ըսած է ան։
Ըստ տեղեկութեանց, Թուրքիա եւ Իսրայէլ տագնապին վերջ տուող փոխադարձ հասկացողութեան մը շարահիւսութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու մօտ են։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը պահանջէ, որ Իսրայէլ «ներում հայցէ», իսկ Իսրայէլ կը նախընտրէ արձանագրուած զոհերուն համար «ցաւ յայտնել»։ Թուրքիոյ վարչապետը Չորեքշաբթի օր բարձրաստիճան խորհրդականներու հետ քննած է փոխադարձ հասկացողութեան բնագիրին բովանդակութիւնը։
Ըստ թրքական եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, Իսրայէլ դատական հարցերէ խուսափելու համար, կ՛ուզէ, որ «ցաւի արտայայտութիւնը» ուղղուած ըլլայ զոհերուն՝ թրքական կառավարութեան փոխարէն։ Միւս կողմէ, Էրտողան կը պահանջէ, որ Իսրայէլ «թրքական հանրապետութենէն» ներում հայցէ։
Իսրայէլ նաեւ վնասուց հատուցումը կը դիտէ իբրեւ «մարդասիրական» քայլ, եւ ոչ թէ սպանութեանց համար իսրայէլեան դատական հաշուետուութեան խոստովանութիւն մը։ Համաձայնութեան նախագիծը իւրաքանչիւր զոհի ընտանիքին հարիւր հազար տոլար կ՛առաջարկէ, իսկ վիրաւորներուն աւելի նուազ գումար մը։
Նշենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի մօտիկ խորհրդական մը, խօսելով «ներում հայցելու» Թուրքիոյ պայմանին մասին՝ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած էր. «Եթէ որեւէ մէկը պէտք է ներում հայցէ եւ փոխհատուցում վճարէ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպին համար, ապա ատիկա հաստատ Իսրայէլը չէ, այլ՝ Թուրքիան»։
Աւելի ուշ, նոյն հարցով յայտարարութիւն կատարած էր Իսրայէլի փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմը՝ նշելով, որ ներում հայցելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:
«Մարմարա» կը գրէ, թէ մինչ քանի մը օրէ ի վեր մեղմ ու լաւատես մեկնաբանութիւններ կը կատարուէին Թուրքիոյ ու Իսրայէլի ապագայ յարաբերութիւններուն ի նպաստ, ու կը պնդուէր, թէ Իսրայէլի մէջ պատահած հրդեհին առիթով Թուրքիոյ ցուցաբերած օժանդակութիւնը պիտի նպաստէր յարաբերութիւններու բարելաւման, նոյնիսկ գտնուեցան ըսողներ, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրելու ու հատուցում վճարելու գործողութեան ընթացքին մահացած թուրքերու ընտանիքներուն, Շալոմի կտրուկ յայտարարութիւնը կացութիւնը անելի մատնած է:
Շալոմ, որ իր յայտարարութիւնը ըրաւ Իսրայէլի ձայնասփիւռին, աւելցուց, որ թրքական նաւը եկած էր պարզապէս գրգռելու համար Իսրայէլը, եւ այս պատճառով, թրքական կողմը պէտք է ներողութիւն խնդրէ։ «Տուժածներու ընտանիքներուն հատուցում վճարելու հարց ալ չկայ, որովհետեւ այս խնդիրին մէջ պատկերը հակառակն է։ Իսրայէլն ալ վնաս կրեց «Կապոյտ Մարմարա»ի գլխաւորած արշաւին պատճառով», ըսաւ ան, սակայն միաժամանակ աւելցուց, որ Իսրայէլ, այնուհանդերձ, կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնն ու յարաբերութիւններու վերակենդանացումը։
Կը կարծուի, թէ դռները բոլորովին փակ չեն, որովհետեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի քաղաքական խորհրդական Ռոն Պրեմեր, Իսրայէլի ձայնասփիւռին յայտարարեց, թէ կը փնտռուի տարազ մը, զոր բաւարարութիւն պիտի պատճառէ երկու կողմերուն։
Անգարայի մէջ, Իսրայելի դեսպան Կապի Լեւի Հինգշաբթի օր հերքեց այն պնդումները, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, սակայն թուրք դիւանագէտները եւս յայտնեցին, թէ «դուռը տակաւին բաց է» ու հաւանական է, որ յարաբերութիւնները բնականոնանան:
Իր կարգին, իսրայէլեան բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը ըսած է. «Եթէ Իսրայէլ եւ Թուրքիա կը փափաքին համաձայնիլ, միակ բանը, որ կարելի է ընել՝ բառարանը բանալն ու հոն «ներողութիւն» բառի փոխարէն այլ բառ գտնելն է»: Ան աւելցուցած է, թէ Իսրայէլ պատրաստ է «ափսոսանք» եւ նոյնիսկ «ցաւ» յայտնելու միջադէպին կապակցութեամբ, սակայն ոչ՝ «ներողութիւն»:
–Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու (ձախէն երկրորդը) կը խօսի Իսրայէլի անտառային հրդեհներուն դէմ պայքարելու նպատակով Իսրայէլ ժամանած թրքական պատուիրակութեան պետին հետ