
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Լոսանճելըսաբնակ արուեստագէտ-երգչուհի Ծովիկ Սէֆէրեան դժուարին ծրագիր մը ընտրելէ ու անոր վրայ երկու տարի աշխատելէ ետք, այսօր մեր տրամադրութեան տակ դրած է մանուկներու յատուկ շարժանկարով (animation) ներկայացուած երգերու (արեւմտահայերէն) աննախընթաց DVD-ն՝ իր իսկ կատարումով, ինչպէս նաեւ նոյն երգերու CD-ն:
CD-ն եւ DVD-ն կը կոչուին «Պոչիկ». անոնց նախաճաշակը կարելի է ունենալ՝ այցելելով Ծովիկի «bochig.com» կայքը:
Ճորճ Ատուրեան, ստորեւ կը ներկայացնէ Ծովիկին հետ ունեցած իր զրոյցը՝ ամբողջութեամբ.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞վ է Ծովիկը՝ անձը եւ արուեստագէտը:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Ծովիկը լիբանանահայ է: Մանուկ հասակէս ունեցած եմ սորվելու սէր, յատկապէս՝ գիտութիւններու հանդէպ: Միւս կողմէ՝ երգելու մեծ տենչ ունեցած եմ: Իւրայատուկ այս երկու հակապատկերներու միաձուլումը ձեւաւորած է այսօրուան նկարագիրս՝ զիս մղելով արձանագրելու յաջողութիւններ թէ՛ գիտութեան եւ թէ երաժշտութեան մարզերուն մէջ: Ստացած եմ շինարարական ճարտարագիտութեան մագիստրոսի վկայականը՝ միեւնոյն ժամանակ մշակելով անձնաւորութեանս ստեղծագործական երեսը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս յղացաք մանուկներու համար յատուկ շարժանկարով երգերու DVD մը պատրաստելու գաղափարը:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Քրոջս ընտանիքը մեզի այցելութեան եկած էր: Անոր կեցութեան ընթացքին, քրոջս աղջիկը զուարճացնելու համար, համացանցին վրայ փորձեցի հայերէնով երեխաներու համար երաժշտական շարժանկար մը գտնել, բայց՝ ապարդիւն: Մեր ընտանիքին մէջ կը քաջալերենք երեխաները հայերէն խօսելու, հայկական ժառանգութիւնը վառ պահելու նպատակով: Այսպէս է որ ծնաւ «Պոչիկ-Վարդագոյն պոչի ծայրը» երաժշտական շարժանկարին ծրագիրը, անդրադառնալէ ետք, որ մեր համայնքէն ներս երեխաներու յատուկ հաճելի շարժանկարով ներկայացուած երգերու պակասը կայ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ անիկա: Ո՞վ աշխատեցաւ անոր վրայ եւ որքա՞ն ժամանակ առաւ անոր պատրաստութիւնը:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Գաղափարը ներկայացուցի ընկերոջ մը՝ Ճոն Հաժժարին, որ շարժանկարի (animation) պատրաստութեան մէջ փորձառութիւն ունի: Երկար մտածելէ ետք, ունեցանք մտայղացումը եւ որոշեցինք այս երաժշտական շարժանկարով DVD-ն պատրաստել: Որոշեցինք, որ երգերը հայերէնով ըլլան՝ արդիական դաշնաւորումով եւ արագ կշռոյթով, որպէսզի երեխաները զայն լսելով զուարճանան, ցատկռտեն եւ պարեն:
Ապա ընտրեցի մանուկներու քանի մը հին հայկական երգեր եւ զանոնք արդիականացուցի, ինչպէս նաեւ քանի մը հատ ալ յօրինեցի:
16 երգերը, զորս ընտրեցի, տարբեր նիւթերու եւ վայրերու մասին էին, օրինակ՝ Ծնունդ, Նոր Տարի, տարեդարձ, ագարակ եւ անտառ: Որպէսզի կարենանք զանոնք իրարու հետ կապել, ծնաւ գաղափարը շոգեկառքի մը, որ հերոսները մէկ վայրէն միւսը կը փոխադրէ, այսպիսով, ստեղծելով պատմութիւն մը, որ երգերը իրարու կը շաղկապէ:
CD-ին պատրաստութիւնը տեւեց 6 ամիս: Իսկ ինչ կը վերաբերի DVD-ի աշխատանքներուն, ապա ձեւաւորեցինք կերպարները եւ ձեւաւորման արուեստի խումբ մը կազմեցինք: Ամբողջ ծրագիրին աշխատանքները տեւեցին մէկ ու կէս տարի:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչո՞ւ «Պոչիկ»:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Ուզեցինք ծրագիրին համար առանձնայատուկ նիւթ մը ունենալ: Ճոնը առաջարկեց, որ բոլոր անասուններուն պոչերը վարդագոյնով նշուին, ուրկէ եկաւ «Վարդագոյն պոչի ծայր» (Pink Tail Tip) անունը:
Շարժանկարին մէջ ներկողի գործ կը կատարէ «Չիքօ տը չիմփ»ը (Չիքօ շեմփանզէն), որ պոչ չունի: Իր գործը՝ իբրեւ շոգեկառքի վարորդ, տոմս չունեցող անասուններուն պոչերուն ծայրը ներկելն է: Ճոնը գրեց «Պոչիկ» երգին բառերը անգլերէնով, իսկ ես թարգմանեցի հայերէնի եւ գրեցի անոր երաժշտութիւնը. այսպիսով ծնաւ «Պոչիկ» անունը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք այս գործէն:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Անցեալ երկու տարիներուն ճգնաջան աշխատանք տարի հայ երեխաներու համար գործ մը արտադրելու գծով: Վստահ եմ, որ այս երաժշտական DVD-ն ժպիտ մը պիտի ստեղծէ իւրաքանչիւր մանուկի դէմքին՝ զայն դիտած կամ լսած ժամանակ: Յոյսով եմ, որ հայ հանրութեան զօրակցութեամբ, ապագային պիտի կարենանք յառաջ երթալ դէպի յաջորդ մակարդակ՝ աւելի արդիական շարժանկարի արտադրութիւններ ներկայացնելու համար:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ծնողներ ուրկէ՞ կրնան գնել «Պոչիկ» DVD-ն եւ CD-ն:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- «Պոչիկ» հայկական երաժշտական շարժանկարի DVD-ն եւ «Հայ մանուկներու խրախճանքի երգեր»ու (Armenian Childrens Party Songs) CD-ն կարելի է գնել համացանցային մեր կայքէն՝ www.bochig.com: Անոնք նաեւ կը վաճառուին հետեւեալ հաստատութիւններուն մէջ՝ «Սարդարապատ», «Ապրիլ» եւ «Պերճ» գրախանութները, «Չատըրեան», «Բար-սեղեան», «Արթիզիա», «Արաքս» նպարատուները, MSS Valley Produce, «Վրէժ» անուշավաճառը եւ «Կարօ պասթըրմա»ն: Անոնք տեղադրուած են վաճառքի համար Նիւ Եորքի Հայոց առաջնորդարանի եւ Ուոթըրթաունի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի գրախանութներուն մէջ:
Նորութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, եւ «Պոչիկ» CD-ն ու DVD-ն տրամադրող հաստատութիւններու ամբողջական մանրամասնութիւններուն համար, կը խնդրուի այցելել մեր կայքը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Տարիքային ո՞ր խումբին համար պատրաստուած է «Պոչիկ»ը:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- DVD-ն եւ CD-ն շատ յարմար է 5 տարեկանէն վար երեխաներու համար: Սակայն, աւելի տարեցներն ալ կրնան վայելել զայն: Երեխաներ CD-ն օգտագործելով՝ պիտի սորվին հայերէն երգել շատ կանուխ տարիքէն, եւ շատ հաճելի ժամանակ պիտի անցընեն անոր հետ: Իսկ DVD-ի պարագային, անիկա կ՛աւելցնէ տեսողական երեւոյթը, ուր մէկ պատկերը կ՛արժէ հազար բառ, օգնելով երեխաներուն տեսողութեան ճամբով պատմութեան հետեւելու:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:
ԾՈՎԻԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ.- Ներկայիս կ՛աշխատիմ նոր երգերու հաւաքածոյի մը վրայ: Նաեւ անգլերէնով երաժշտական տեսաերիզի մը արտադրութեան մէջ գործակից արտադրողն (co-producer) եմ. անիկա վերջերս «Կալֆ աֆ Մեքսիքօ»ի քարիւղի աղէտի մասին է, որ կը նկարագրէ բնութեան, մեր միջավայրին եւ կենսոլորտին անոր հասցուցած ահաւոր վնասները: Անիկա շուտով պիտի ըլլայ հրապարակի վրայ: