Հարազատներ,
Թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունելու ներկաներդ։ Եւ առիթէն օգտուելով՝ կ՛ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէ ներկայ տօնախմբութեան, դուք առանձին չէք, ձեր կողքին ունիք, գրականութեանս ծանօթ աշխարհով մէկ սփռուած ընթերցողներ, որոնց սրտի համատեղ տրոփիւնը կը լսենք այս պահուն, եւ համոզուած ենք, թէ անոնք ալ սիրով կապուած են ամբողջ կեանք մը հայ գիրին ու գրականութեան նուիրած գրչի համեստ ծառայիս։ Անոնք ալ հեռուէն մեզի հետ կը տօնակատարեն նոր հատորիս լոյս ընծայումը։ Հայ դպրութեան բոլորած ճգնաժամային այս հանգրուանին, սիրելիներ, գրողներս՝ իբրեւ անուղղայ խենթեր, ձեզմով կը շնչենք եւ ձեր ներարկած աւիշով կը գոյատեւենք։ Որպէսզի յանկարծ յուզումէս տարուելով՝ չկորսնցնեմ ժամանակի զգացողութիւնը, որոշեցի այս երեկոյ գրաւոր խօսքով հանդէս գալ։ Բայց նախ անեկդոտ մը՝ Հոգին Սուրբի մասին, որուն օգնութեան յաճախ կ՛ապաւինինք, երբ անգիր բեմ կը բարձրանանք։
30 տարիներ առաջ, երբ դեռ Ափրիկէի արեւն ու օրհնութիւնը շալկած ըմբոստ մըն էի գաղութէն ներս, օր մը Մխիթարեան Ուխտէն հայր Ագեանին զգացական, օդային քարոզներէն մէկը լսելէ ետք, երբ սրահ ուղղուեցանք սրճելու, կէս կատակ հարց տուի պատարագիչ վարդապետին, թէ ինչո՞ւ գրող ու գրաբարագէտ հայր Բարսեղ Հերհատեանի նման տիտան մը, կամ ալ արդար ըլլալու համար՝ սրբազան քահանայապետը, գրաւոր կը պատրաստէր իր քարոզները, իսկ ինք անգիր ու անպատրաստից կը բարձրանար խորան։ Զարտուղի թուացող հարցումէս յանկարծակիի գալով՝
– Որովհետեւ, իբրեւ Աստուծոյ ծառայ, Հոգին Սուրբի ներշնչման կը վստահիմ քարոզներս…, ըսաւ ան գիւտ ընողի յաւակնութեամբ:
– Հապա եթէ հոգին սուրբը, շարունակեցի հարցադրումս, պաղառութենէ տառապելով կամ ալ «թրաֆիք»ի բռնուելով՝ չկարենայ յարգել ժամադրութիւնը, այդ պարագային ի՞նչ կ՛ընէք։
– Տղաս, հոգ մի ըներ. մինչեւ հիմա այդպիսի դէպք չէ պատահած,- պատասխանեց ան ուսերս թոթուելով։
Երեւան, ՀՀ գրողներու միութեան տան մէջ երբ ներկայ հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ, չորս հանրայայտ գրող-գրականագէտներ խօսք առնելով՝ քննարկեցին «Փողոցը», բոլորն ալ անգիր։ Նոյնիսկ չձայնագրուեցաւ անոնց խօսքը, ոչ ալ սղագրուեցաւ։ Ըսելիք չկայ, բոլորն ալ շատ տպաւորիչ էին։ Բայց հազիւ սրահէն հեռացած՝ օդը ցնդեցան անոնց այլապէս բարեխիղճ վերլուծութիւնները եւ մամուլը անոնց ելոյթէն ճշգրիտ տող մը չմէջբերեց։
Այս երեկոն, հարազատներ, բոլորիս համար յատուկ տարածք ու նշանակութիւն ունի, գուցէ անոր համար, որ Կիլիկեան մեզի համար հոգեհարազատ աթոռի առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ կայացող գրական ներկայ հաւաքը, հուժկու իմաստ ու պատգամ կը պարփակէ իր մէջ, իբրեւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան սատարող խորհրդանշական մէկ արարք։ Արդարեւ, Կիլիկեան Ս. աթոռը, պանդուխտի փոթորկոտ կեանքիս որոշ հանգրուաններուն, մշակութասէր իր գահակալներուն ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքով, շատ մօտ եղած է սրտիս։ Ափրիկէի տեղատարափներէն փախչելով, կամ ալ այստեղէն Լիբանան մեր այցելութիւններուն, բարեկամութիւնն ու հայրական սէրը վայելած ենք զոյգ կաթողիկոսներուն՝ յանձինս Խորէն Ա. ու Գարեգին Բ. մշակութասէր վեհափառներուն, որոնք մօտէն կը հետեւէին գրական ձեռքբերումներուս։ Պատահեցաւ, որ օր մը, դէպի Լոնտոն թռիչքի ընթացքին, Արտակ արքեպիսկոպոսին հանդիպեցայ։ Բարձրաստիճան եկեղեցականը մօտէն ծանօթ էր գրական գործունէութեանս, ու երկար թռիչքի պահուն, գիր ու գրականութեան շուրջ զրուցեցինք իրանահայութեան վաղամեռ առաջնորդին հետ։ Զրոյցի ընթացքին առաջնորդ հայրը, ակնարկեց հաւատացեալ ըլլալուս իրողութեան…
– Այդ ուրկէ՞ իմացաք,- հարց տուի հոգեւորական զրուցակիցիս։
– Քու ստեղծագործութիւններուդ ընդմէջէն, ուր առկայ է հաւատքը:
Ճիշդ նկատած էր խորաթափանց հոգեւորականը։ Գրող մտաւորականը չի կրնար եւ պէտք չէ քօղարկէ իր հաւատքն ու հաւատամքը, որ յաճախ չի սահմանափակուիր երկնայինով, այլ՝ ատոր կողքին կ՛ընդգրկէ հաւատքը մարդու հանդէպ, հաւատքը հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հանդէպ, հաւատքը գիր-գրականութեան ու մշակոյթին հանդէպ, եւ վերջապէս՝ հաւատքն ու պաշտամունքը գեղեցիկին հանդէպ։
Սիրելիներ, հայը պատմութեան ներկայ քառուղիին, միացեալ ուժերով բռնցքուելու, իր հայրենասիրութիւնը նժդեհեան ցեղակրօնութեան հասցնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի։ Ամէն օր, մեր աչքերուն առջեւ կը տժգունի մեր զաւակներուն ու թոռներուն հայկականութիւնը։ Ներկայ վտանգին ու մարտահրաւէրին գիտակցութենէն մղուելով է, որ Արամունիին հետ հասկացողութեան գալով՝ փոխանակեցինք մեր հանդիսավայրերը։ Արամունիի երեկոյին ողջոյնի խօսքիս մէջ անդրադարձայ խորհրդանշական հուժկու այդ արարքին, այնպէս որ չեմ ուզեր կրկնութեան մէջ իյնալ, սակայն հարկ կը տեսնեմ դարձեալ շեշտելը, թէ եկեղեցիներու միութեան ներկայ հանգրուանին, կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է նաեւ հայ մտաւորականութեան։ Արդ, հանդիսաւոր սակայն մտերմիկ այս պահուն, կ՛ուզեմ շնորհակալական իմ խօսքը ուղղել գրչի հայ եղբայրներուս ու քոյրերուս, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ անձնազոհ ծառաներուն, որոնք վառող մոմերու նման կը լուսաւորեն մեր ուղին։
Խօսելով լոյսի ու խաւարի հակադրութեան մասին՝ յանկարծ տարիներ առաջ տեսած ժապաւէնի մը թեման յիշեցի։ Նախամարդ երկու թշնամի ցեղեր, մէկը լոյսի ու կրակի գիւտը որդեգրած, իսկ միւսը՝ դեռ խաւարամիտ, անընդհատ իրարու հետ կը բախէին։ Խաւարամիտները լոյսի գիւտէն օգտուելու համար չէ որ նախայարձակ կը դառնային լուսաւորեալներուն դէմ, այլ՝ զանոնք ետ դէպի խաւար, դէպի անդունդ գլտորելու։ Լուսաւորեալ ցեղին կռուողները, կին, զաւակ ու սիրուհի թողած, մէկ մարդու պէս կը պաշտպանէին իրենց լուսարարապետը՝ ալեհեր այն գիտնական ծերունին, որ մշտարթուն կը հսկէր լոյսի կանթեղին, որպէսզի անիկա յանկարծ մարելով՝ իր ցեղը խաւարի չմատնէր… Խորհրդանշանական ի՞նչ ահեղ պատկեր:
Հայ կղերն ու գրող մտաւորականը, ազգագրական կապ ունենալու են բոլոր դարերու լուսարարապետներուն հետ, որովհետեւ անոնք ալ իրենց կարգին, կը կրկնեմ՝ զոյգ պատրոյգներով վառող մոմերու նման, կը լուսաւորեն մեր իմացականութիւնը։ Վա՜յ եկեր է այն օրուան, երբ այդ կանթեղը մարի խաւարամիտ հայ ղեկավարներու անհոգութեան պատճառով։ Ատոր օրինակը տեսանք «Մելքոնեան» ուսման օճախի եւ «Լա Վըրն» համալսարանի հայկական բաժինի փակման տխուր առիթներով:
Քիչ առաջ ակնարկած մղձաւանջային սցենարը այլաբանական հետագայ դրուագը յիշեցուց ինծի։
Այնպիսին էր կլիման այդ տարին, երբ պատմութեան տոմարներուն մէջ չարձանագրուած խստաշունչ ցուրտ ձմեռ տիրեց, ու անտառի կենդանիները յաջորդաբար կոտորուեցան։ Այդ բոլորին մէջ ամէնէն խոհեմը յայտնուեցան խոզակները։ Խոզի եւ ոզնիի խարնուրդ «փորքիւպայն» կոչուող կենդանիները, որոնք ցուրտէն չկոտորուելու գաղտնիքը՝ քառայրի մը խորը կծկուելու, իրարու շունչով ջերմանալու հաւաքական պայքարին մէջ գտած էին։ Շրջան մը ետք սակայն, կարգ մը «էլիթիստ» տարրեր, ըմբոստացան տիրող դրոյթին դէմ՝ խորշելով ցեղակիցներու ակամայ խայթոցներէն, ու որոշեցին հեռանալ ցեղապահպանման փրկարար ամրոցէն եւ հաւաքական կեանքէն։ Շատ չանցած այդ էլիթիստները մէկիկ-մէկիկ կոտորուեցան։ Առակիս բարոյականը. Բռնցքուելով, հաւաքական կեանքի ջերմութեամբ միայն կրնանք դիմակալել ցրտաշունչ ձմրան ու այլասերման մահացու վտանգին։ Վերապրումի մեր ճիգերուն մէջ, յաճախ կը պատահի, որ վիրաւորուինք ու քիչ մը սրտնեղինք իրարու մօտ ապրելու հարկադրանքէն։ Սակայն ազգային օճախէն հեռու ապրելու տարբերակը ցրտահար մահն է, այլասերում ու պատմութեան թատերաբեմէն անյայտացում:
Եկէ՛ք գրող մտաւորականներս ալ որդեգրենք հաւաքականօրէն պայքարի ձեւը՝ հայ մշակոյթին սպառնացող վտանգը ջլատելու համար։ Ուրախ եմ նշելու, որ քաղաքական մեր ղեկավարութիւնը, արդէն իսկ սկսած է փրկարար այդ տեղաշարժին:
Այժմ, թոյլ տուէք շնորհակալական խօսք ուղղել Մուշեղ արքեպիսկոպոսին ու գրող բարեկամիս՝ Սարգիս Մահսէրէճեանին, այս գեղեցիկ սրահը մեզի տրամադրելու մեծհոգութեան համար: Շնորհակալութիւններս՝ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին եւ մեր պետութեան՝ ներկայ հատորը լոյս ընծայելու համար։
Շնորհակալութիւններս՝ Նանէ Աւագեանին, այսքան փայլուն կերպով գրական երեկոն վարելուն համար։ Տաղանդաւոր այս հայուհին, մեր գաղութէն ներս հրապարակագրական ու հայկական պատկերասփիւռի բնագաւառէն ներս իր անձնական դրոշմը սկսած է թողելու։
Շնորհակալութիւններս՝ յայտագիրին մաս կազմող ու փայլք տուող արուեստագէտ զոյգին՝ Սեդային ու Փիթըրին, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերին երեկոն ճոխացնելու նկատումով։ Չմոռնամ աւելցնել, որ Սեդան, Սահակ Թութճեանի հոգեբան դուստրն է: Շնորհակալութիւններս՝ մասնաւորապէս արձակագիր բարեկամիս՝ Սահակ Թութճեանին, որ լրջօրէն գործի լծուելով՝ խոր վերլուծման ենթարկեց ծաւալով փոքր, սակայն խորքով կարեւոր այս գործը, որ կոչուած է ամէնէն առաջ ընթերցանութեան համն ու հոտը փոխանցելու հայ նոր սերունդին։ Այս գործը իր ամբողջութեան մէջ, ամերիկեան կեանքը կը պատկերէ իրականութենէն անդին՝ իրադրութեանց միւս կողմը խիզախելով:
Շնորհակալութիւններս՝ գրողներու միութեան վարչական կազմին ու անդամներուն, իրենց ցուցաբերած գուրգուրոտ վերաբերմունքին ու ջերմութեան համար։
Յատուկ շնորհակալութիւններս՝ մտերիմ բարեկամներուս՝ գրող մտաւորական ու գրական քննադատ Երուանդ Գոջունեանին ու Ստեփան Թոփջեանին, որոնք սիրով եւ յատուկ ուշադրութեամբ կ՛ընթերցեն, ու հարկ եղած պարագային՝ կը խմբագրեն նոր գործերս։ Ողջ մնան անոնք: Շնարհակալութիւններս՝ հայ մամուլի պատասխանատուներուն, մեր գործունէութեան ճիշդ ժամանակին արձագանգելու համար։ Շնորհակալութիւններս կնոջս՝ Սեդային, որմէ գողցած ժամերս գրականութեան կը յատկացնեմ, շատ անգամ նոյն յարկին տակ խեղճ աղջկան ներկայութիւնը մոռնալու գնով։ Վերջապէս սրտաբուխ շնորհակալութիւններս՝ ձեզի՛, սիրելի բարեկամներ, որ ձեր ներկայութեամբ կը շարունակէք ջերմացնել գրական մեր երեկոներն ու գրողներուս սրտերը։ Ողջ մնաք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.