Շուշի
Յիշելով Արցախի ազատագրման պայքարը անկարելի է չանդրադառնալ 1992 թուի Մայիս ամսուայ Շուշիի հերոսական յաղթանակին: Հայ ազատամարտիկները մէկ գիշերուան ընթացքին գրաւեցին Շուշին: Ղարաբաղեան շարժման համար Շուշիի ազատագրումը ճակատագրական էր: Արցախեան ազատամարտի ընթացքին Շուշին ատրպեճանցիներու կողմէ կ՛օգտագործուէր, որպէս ռազմական յենակէտ: Շուշիէն ուժգին ռմբակոծման կ՛ենթարկուէր Ստեփանակերտը եւ այլ հայկական բնակավայրեր. ռմբակոծման զոհ կ’երթային հարիւրաւոր հայորդիներ: Չնայած հակառակորդին գերակշիռ ուժին, հայ ազատամարտիկներու արիութեան եւ փայլուն մարտունակութեան շնորհիւ, Մայիս 9ին Շուշին վերջնականապէս ազատագրուեցաւ:
Ռազմական բացառիկ հմտութեամբ Շուշիի ազատագրման համար տարուած այս մարտը ուրիշ «առասպելական դրուագ» մը եղաւ հայ ժոովրդի պատմութեան մէջ: Դրուագ մը, որ հայ ժողովուրդի, ի մասնաւորի ՀՅԴ պատմութեան մէջ յիշատակելի տեղ կը գրաւէ:
Այս նորագոյն յաղթանակը եկաւ նոր էջ մը բանալու համայն հայ ժողովրդի պատմութեան ու ի մասնաւորի՝ Արցախի պատմութեան մէջ: Թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման միօրեայ յաղթական գրոհը, ազգային-քաղաքական իր նշանակութեամբ կարեւորագոյն դարձակէտ մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար: Ան դրաւ սկիզբը Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին:
Մեզմէ շատեր կարդացած ու լսած են Շուշիի մասին: Արցախի ազատագրման շարժման ընթացքին աւելի մօտէն ծանօթացանք անոր աշխարհագրական դիրքի կ՛արեւորութեան: Շուշին դարեր շարունակ նաեւ դարձած է հայ մշակոյթի կեդրոն ու իր հետքերը ձգած հայ գրականութեան վրայ:
Շա՜տ են Արցախի, մասնաւորապէս Շուշիի ունեցած կարեւորութիւններն ու ազդեցութիւնները, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի, հայ գրականութեան ու մշակոյթի վրայ:
Ունեցած ենք բազմաթիւ Դաշնակցական դէմքեր, որոնք ծնած են Շուշի ու ապա դարձած հայ պատմութեան կամ ազատագրական շարժումներու ղեկավարներ: Հոս դժբախտաբար կարելի պիտի չըլլայ բոլորին նշել: Առ այդ կը բաւարարուենք անդրադառնալ ՀՅԴ գաղափարական գործիչին, մտաւորական դէմք՝ Վահան Նաւասարդեանի կեանքին ու անոր ազգային, յեղափոխական-դաշնակցական կեանքին:
—————————————————————————————————————————-
Վահան Նաւասարդեան

Վահան Նաւասարդեան ծնած է Նոյեմբեր 29, 1888ին, Ղարաբաղի Շուշի քաղաքի Ագուլեաց թաղը, համեստ ընտանիքի մը մէջ:
Տակաւին երկու տաեկան՝ հօրմէ որբ կը մնայ: Երիտասարդ եւ այրի մօր համար կեանքի միակ նպատակ կը մնան իր երկու զաւակները Վահանը եւ քոյրը՝ Համեստը: Մայրը ոչ միայն կը գուրգուրայ զաւակներուն վրայ, այլեւ Վահանի նկարագրի բոլոր գիծերուն մէջ իր մայրն է, որ ձգած է խոր ազդեցութիւն: Ան հայրենապաշտ եւ խստաբարոյ կին մըն էր, որ դժբախտաբար կանուխէն կորսնցուցած է իր ամուսինը:
Վահան չէր յիշէր իր հայրը, իսկ մօրը մասին անվերջ մանրավէպեր կը պատմէր, աւելցնելով որ կատարեալ բռնապետ մըն էր եւ այնքա՜ն վախ ազդած էր իրեն: Բնականէն ուշիմ, չափազանց սրամիտ եւ կծու հեգնանք ունէր մայրը, այն բազմաթիւ նամակներուն մէջ, զորս կը գրէր Հայաստանէն, ուղղուած Վահանին: Մայրը մեծ զրկանք կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ իր զաւակները, անոնց ամէն գնով ուսման կը ղրկէ, բան մը, որ բնականօրէն պիտի ամբողջացնէր ընտանեկան ու շրջապատի դաստիարակութիւնը: Վահան իր մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանը անցուցած է միմիայն հայկական եւ հայախօս միջավայրի մէջ:
Ծխական դպրոցէն ետք, ան 1898ին կը սկսի յաճախել Արցախի Թեմական դպրոցը, ուր 1900ին իսկ մաս կը կազմէ Թուման Թումանեանի «Աշակերտական ինքնազարգացողական միութեան»: Այս միութեան խումբերը կ՛ունենային շաբաթական հաւաքոյթներ, ուր երէց ընկերներ, ուսուցիչներ (ինչպէս Ասլան Շահանզարեան, Արշակ Չիլինգարեան, Արամ եւ Խաժակ) հայոց պատմութեան, գրականութեան եւ ազատագրական շարժման մասին դասախօսութիւններ կու տային, աշակերտութեան ազգային գիտակցութիւնը արթնցնելով եւ զարգացնելով: Այս տեսակի գործունէութիւն մը դիւր չգալով ստրկամիտ, յետադիմական եւ կղերամիտ մարդոց, 1900ին տեսուչ նշանակուած Բենիկ վարդապետ կ՛ուզէ խափանել զայն, սակայն կը ձախողի ու կը դիմէ ցարական ոստիկանութեան եւ Գանձակի նահանգապետի յատուկ հրամանագրով, դպրոցէն կ՛արտաքսէ տասներեք աշակերտներ, իբրեւ հակապետական եւ յեղափոխական միտքեր տարածողներ:
Այս դէպքի մասին Թադէ կը գրէ. «Նշանակալից էին միութեան անդամ աշակերտներու բողոքի կանչերը, ուր մեր լռակեաց Վահանը դարձեր էր կրակոտ մարտիկ: Իր հոգեւոր հայրերն էին, որ անդադար կերպով կը հալածուէին, մասնաւորապէս Արամը, որ եղած էր բոլորին սիրած մեծ եբայրը եւ ուսուցիչը: Չեմ մոռնար այն նշանակալից առաւօտը, երբ մենք՝ արձակուածներս, բազմաթիւ քաղաքացիներու կողմէ, քաղաքի վարի գերեզմանատան մօտ հաւաքուած, հրաժեշտ կու տայինք բոլորին: Մէկէն «Մեր հայրենիք» երգելով մեր մօտ եկան մօտ 50 աշակերտ, որոնց մէջ կրակոտ աչքերով, յուզուած դէմքով կը գտնուէր մեր Վահանը:
«Մօտեցաւ արցունքոտ աչքերով այդ «փափլիկ տղան», համբուրուեցաւ բոլորիս հետ եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք, բայց հաւատացած եղէք, որ մնացողներս պիտի չքնանանք: Ձեր գործը մեր մեծերուն հետ միասին պիտի շարունակենք…»
«Եւ իրաւ, միութեան վարիչ մարմինը աներեր տարաւ պայքարը, պաշտօնապէս միացաւ Դաշնակցութեան եւ դուրս քշեցին սեւ հոգի դժոխքը դպրոցին…»:
Երբ Թեմական դպրոցը նահանգապետի յատուկ հրամանագրով 1904ին կը փակուի, Վահան կ՛ացնի Պաքու, Ռէալական դպրոցը: Հոս ալ կ,անդամակցի Համակովկասեան աշակերտական միութեան, որուն վարիչներէն էր Վահան Մինախորեան, կը դառնայ միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ միութեան պաշտօնաթերթ «Պորպայ»ի (Պայքար) խմբագիր: Ան կ՛աշխատակցի նաեւ այլ թերթերու, նախաձեռնողներէն եւ ղեկավարներէն կ՛ըլլայ Կովկասեան դաշնակցական աշակերտական միութեան համագումարին ու կը դառնայ երիտասարդութեան կողմէ փնտռուած վարիչ մը:
Ազգային, ընկերային, յեղափոխական շարժումները եւ դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը իրենց դրոշմը դրած էին հազիւ երիտասարդ Վահանի մտքին ու հոգիին վրայ: Պաքուի դպրոցին մէջ, ան շառաչուն ապտակ մը կ՛իջեցնէ ռուս ուսուցչին, երբ վերջինս համարձակութիւնը կ՛ունենայ զինք անարգե՛լ «արմէաշկայ» (հայուկ) արհամարական բառով: Այս արարքին համար դպրոցէն կը հեռացուի եւ վերընդունուելուն համար, Կ. Խատիսեան եւ Ա. Գիւլխանդանեան կը միջամտեն:

1907ի ուսումնական տարին Վահան կ՛աւարտէ դպրոցը եւ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ս. Փեթերզպուրկ, ուր Ռազումովսկի համալսարանին մէջ կը հետեւի ընկերային գիտութեանց ճիւղին:
1910ին Վահան կը գտնուէր Շուշի եւ նուիրուած էր կուսակցական կեանքի զօրացման: Հոնկէ ան կ՛անցնի Պաքու, Թիֆլիս, ուր կուսակցական պատասխանատու պարտականութիւններ կը վարէ եւ քարոզչական աշխատանք կը կատարէ:
Երկու տարի (1913-15) ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ Շուշիի Թեմական վարժարանին մէջ, իբրեւ վերակացու եւ ռուսերէնի դասատու: 1916ին կը հրաւիրուի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, իբրեւ դասատու միջնակարգի վերջին եւ լսարանի առաջին դասարաններուն: Կը դասաւանդէ ռուսերէն, ռուսական պատմութիւն եւ հասարակական մտքի զարգացման պատմութիւն: Գէորգեան ճեմարան պաշտօնավարելու տարիներուն կ՛ամուսնանայ:
1917ին կ՛անցնի Թիֆլիս եւ կը ստանձնէ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը, իսկ աւելի ետք Ալեքսանտրափոլի «Յառաջ»ի խմբագրականի պաշտօնը:
Վահան Նաւասարդեան օժտուած էր հռետորական ձիրքով եւ կը խօսէր մարդոց միտքին, սրտին ու հոգիին միաժամանակ, որովհետեւ իր խօսքերն ալ կը բխէին սրտէն ու հոգիէն: Իբրեւ այդպիսին, կուսակցութիւնը Վահանը կը նշանակէ «փրոփականտիստ» Թիֆլիսի եւ Պաքուի՝ Անդրկովկասի երկու հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ուր յեղափոխական կաթսան միշտ կ՛եռար եւ ամէն կուսակցութիւն իր լաւագոյն ուժերը կը նետէր հրապարակ, իշխելու համար զանգուածներուն վրայ, մանաւանդ, որ ռուսական առաջին յեղափոխութեան (Փետրուար 1917) վարդագոյն օրերը կ՛ապրէին: Իբրեւ խօսքի մարտիկ՝ Վահան կը մնայ անպարտելի:
Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին, որոշ ժամանակ կը վարէ Ալեքսանտրափոլի քաղաքապետի պաշտօնը, կ՛ընտրուի խորհրդարանի, ապա Հիմնադիր ժողովի անդամ, միշտ գործօն դեր կատարելով: Իր բուն կոչումը բեմն էր: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ խորհրդարանին մէջ, Վահան արժեցուց իր այդ կոչումը՝ դառնալով ամէնէն ճարտար հռետորներէն եւ բուռն պայքարողներէն մէկը: Խորհրդարանին մէջ, Դաշնակցութեան ուժանակն էր, որ կը պայթէր այս կամ այն ընդդիմադիրի գլխուն: Մանաւանդ անո՛նց, որոնք չէին իւրացուցած Հայաստանի անկախութեան գաղափարը եւ թերահաւատ էին հայ ժողովուրդի ապագայի վերաբերմամբ:
Վահան ոչ միայն հակառակորդներուն կ՛ուղղէր իր բուռն քննադատութիւնները, այլ նաեւ դաշնակցական երեսփոխաններու թէ՛ նախարարներու հանդէպ խստապահանջ էր եւ կոշտ ըլլալու չափ անկեղծ, յատկապէս խորհրդարանական դաշնակցական ֆրակցիայի հանդիպումներու ընթացքին:
«Վահան ինքն էլ էր երբեմն քննադատում մեր ընկեր նախարարների թերութիւնները, յատկապէս տնտեսական-ֆինանսական գործեր վարողների վրիպումները. անոնք, գրեթէ առանց բացառութեան (միակ բացառութիւնը կազմում էր Ա. Խատիսեան), անպատրաստ էին նման բարձր պետական պաշտօններ վարելու համար: Անհրաժեշտ հմտութիւն նրանք ձեռք էին բերում գործի մէջ. հասկանալի է, որ նման պարագաներում թերութիւններն ու վրիպումները անխուսափելի են: Այդ գիտակցութիւնը Վահանը, ի հարկէ, ունէր: Այդ պատճառով էլ նրա քննադատութիւնները մեղմ էին, երբեմն ցաւ ու վիշտ արտայատող, յաճախ դիտողութիւնների, խորհուրդի բնոյթ կրող: Սակայն նրա քննադատական խօսքը լինում էր եւ՛ դատապարտող ու կծու, երբ նկատում էր անփութութիւն, անտարբերութիւն ու եռանդի պակաս», կը վկայէ Ա. Աստուածատուրեան:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ հալածանքներէ խուսափելու եւ արտասահման անցնելու համար խուճապ մը ծայր տուած էր, խումբ մը դաշնակցական եւ պետական դէմքերու հետ Վահան Նաւասարդեան հայ-վրացական սահմանին վրայ կը ձերբակալուի: Աւելի ճիշդ «… ինքն իր ոտքով, այսինքն ինքնակամ գնաց միացաւ բանտարկուած ընկերներին, որպէսզի բախտակից լինի նրանց ու բաժանի նրանց վիճակուած դառը ճակատագիրը», կ՛աւելցնէ Աստուածատուրեան:
Այս ինքնակամ ձերբակալութենէն եւ բանտարկութենէն կ՛ազատի համայնավար ղեկավարների Աշոտ Յոհաննիսեանի եւ Պօղոս Մակինցեանի միջամտութեամբ: Անոնք Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի իր պաշտօնակիցներին էին եւ յարգանք ու սէր ունէին իրեն հանդէպ, հակառակ գաղափարական հակառակութեան : Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, խումբ մը պետական-կուսակցական ընկերներու հետ, Վահան կ՛անցնի Պաթում, ապա Պոլիս:
1922ին կը նշանակուի Եգիպտոսի «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր: Այդ տարուընէ վերջապէս կը նուիրուի հրապարակագրութեան: Եգիպտոս, յատկապէս իր հոն հաստատման տարիներուն, միջնաբերդն էր հայ պահպանողական տարրերուն եւ չէր պատշաճեր իր յեղափոխականի, ընկերվարականի խառնուածքին ու պատրաստութեան, սակայն ան կրցաւ յարմարիլ եւ յարմարեցնել: Վահանը կը խոստովանէր, թէ բնաւորութեամբ ճկուն չէր, ընդհակառակն, խիստ մարդու համբաւ հանած էր եւ եթէ չունենար Ստեփան Եսայեանի նման գործակից մը, մանաւանդ առաջին տարիներուն, դժուար թէ Վահանը յարմարէր Եգիպտոսի շրջապատին:
Հետեւողական տքնաջան աշխատանքով, 34 ամեայ Վահան Նաւասարդեանը կը սրբագրէ ինքզինք զանազան մարզերու մէջ, սկսելով հայերէնէն: Իր բազմատեսակ աշխատանքերը մոռցնել չեն տար ինքնազարգացման, ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնակատարելագործման ճիգերը, որոնց շնորհիւ կը տիրանայ յաւելեալ հասունութեան եւ կը ստանձնէ կուսակցական պատասխանատւութիւններ:
1933էն սկսեալ մաս կը կազմէ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնին եւ մինչեւ մահը ոչ միայն անոր անդամ կը մնայ, այլեւ կ՛ունենայ բեղուն ու արդիւնաւոր գործունէութիւն, միշտ նոր նուաճումներ կատարելով: Այս հանգամանքով ալ իր կարծիքը, տեսակէտը այս կամ այն հարցին մէջ աւելի կշիռ կը ստանար:
Վահան Նաւասարդեանի կեանքը ցոյց կու տայ արդէն, որ երիտասարդ տարիքէն իսկ ան ի յայտ եկած էր իբրեւ գաղափարական հաւատաւոր անհատ, որ կ՛առաջնորդուէր օրուան յառաջդիմական վարդապետութիւններով՝ ընկերվարութեամբ ու ժողովրդավարութեամբ եւ անոնց ազատական սկզբունքներով: Ժամանակի միջավայրն ու մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ անցուդարձերը բնականաբար աւելի հնարաւորութիւն կ՛ընծայէին, որ հանրային գործունէութեան ասպարէզին լիովին նուիրուէր, մանաւնադ որ այդ կեանքին հակում եւ յարմարութիւններ ալ ցուցաբերած էր:
Վահան Նաւասարդեան կ՛աշխատէր 16 ժամ, թերեւս աւելի: Յոգնիլ չէր գիտեր: Հանգիստ չուներ: Վերջին օրերուն քուն չունէր: Կը պատահէր, որ գիշերները լուսցնէր, առանց իսկ վայրկէան մը աչք գոցելու: Կրնանք անվարան ըսել, որ իր մահը հետեւանք էր գերյոգնութեան, յարատեւ ու չարաչար աշխատանքի: Հանրային եւ ազգային հոգեր աւելի ծանրացուցին իր վիճակը, գրեթէ սպառեցին իր ջիղերը: Սակայն չէր գանգատէր: Անտրտունջ կը տանէր ամէն աշխատանք ու հոգ:
Վահան Նաւասարդեան, որ նոյնացած էր «Յուսաբեր»ին հետ, զայն իրեն տուն ընտրելով, օր մը իր աշխատանքը սովորականէն քիչ մը կանուխ աւարտելով, «կը բարձրանայ «Յուսաբեր»ի դալար տանիքը, ուրախ տրամադրութեամբ: Հոն պահ մը խօսելէ ետք ընկերներու եւ բարեկամներու հետ, նոյն ուրախ տրամադրութեամբ կը քաշուի իր յարկաբաժինը: Գիշերը չի կրնար քնանալ սակայն: Առտուն ժամը 5ի մօտ յանկարծ անհանգիստ կը զգայ ինքզինք:
Սրտի երկրորդ տագնապն էր, որ կ՛ունենար, առաջինը տեղի ունեցած էր քանի մը ամիս առաջ: Հիւանդանոց կը փոխադրուի, ուր մինչեւ վերջին պահը գիտակցութիւնը կը պահէ, բայց վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ ու կը մահանայ Յունիս 24, 1956ին: