«Աւետի՜ս, Ծնունդ կու գայ, ալե՜լուիա…
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար ճամբայ ելան»։
Ծնունդի աւետումի ընթացքին, խումբ մը երեխաներու աւետումի ձայները եւ ոտնաձայները երդիքէն կը լսուին, ու ահա երկար գաւազաններով, գոյնզգոյն գուլպաներով կ՛իջնեն ցած, տաքուկ տան մէջ, պահանջելով տնեցիներէն, որ գուլպաները կաղանչէքեր լեցնելով՝ վերադարձնեն իրենց։
Բոլորս ալ փոխադրուած էինք, աւանդոյթի մը ընդմէջէն դէպի Խարբերդ, ուր տեղի կ՛ունենան Ալիծին «Արծաթ Թել Ոստայնը» գիրքին դէպքերը. հոն, մեր նախահայրերն ու նախամայրերը, իրենց թոռնիկներուն պատմութիւններ պատմելով՝ կը սատարէին մեր աւանդի ու մշակոյթի փոխանցման։
Ալիծ Աղպապեանը վայելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի ծնողներն ու աշակերտները, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահին մէջ։
Ալիծը, իր հրապուրիչ ու իւրայատուկ պատմասացի ոճով, բոլորս փոխադրեց Արեւմտեան Հայաստան՝ մեր բնօրրանը, եւ երեւակայական վառ շղթայով մը միաձուլեց մեր անցեալն ու ներկան՝ ներկաներուն աւանդելով մեր Ծն-նդեան սովորութիւններն ու հեքիաթները։
Ալիծը այդ օր դարձեալ եղաւ մեր հարուստ աւանդին փոխանցման նպաստող այն հազուագիւտ հայ հեքիաթասացներէն մէկը, որ արժանի է գնահատուելու եւ արժեւորուելու, մեր մշակոյթի պահպանման ու փոխանցման գործին մէջ իր ունեցած ներդրումին պատճառով։
Ալիծին պատմութիւնները կենդանութիւն առին իր օգտագործած գրաւիչ առարկաներով, որոնք բոլոր հանդիսատեսներուն հետաքրքրութիւնը շարժեցին, նամանաւանդ՝ Կենաց ծառի ծանօթացումն ու անոր ընկերակցող արտասանութիւնն ու երգը. «Աստղը խաչին. Խաչը մանուկին. Մանուկը մսուրին. Մսուրը ցորենին. Ցորենը նուռին. Նուռը ծառին. Ծառը նաւուն. Նաւը ծովուն. Ալին զալին տա՜յ, ալին զալին տա՜յ»: Գիրքի մը ընթերցանութեան ընթացքին փոխանցուած պատկերները մէկ առ մէկ բացայայտուեցան մեր երեւակայութեան մէջ։
Մէկ ժամուան տեւողութեամբ, բոլոր ներկաները դաստիարակչական եւ հաճելի ժամանցի երեկոյ մը անցուցին՝ ականատես ըլլալով մեր հարուստ մշակոյթի փոքր մասնիկներուն վերակենդանացման, այս իւրայատուկ ձեռնարկին ընթացքին։
Ալիծ Աղպապեան նոյն շաբթուան ընթացքին, նաեւ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն յատուկ աշխատանիստ մը պատրաստած էր։ Այդ աշխատանիստին, Ալիծը ուսուցիչներուն շինիչ ու օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցեց իր տրամադրած խաղ-երգերով եւ կարճ պատմուածքներով, որոնք որեւէ տարիքի աշակերտ կրնան հետաքրքրել՝ որոշ պատշաճեցումներով։
Վարձքդ կատար, սիրելի Ալիծ։ Գրիչդ եւ լեզուդ անմար։
Կ՛արժէ հոս նշել, որ Ալիծին հեղինակած «Արծաթ Թել Ոստայնը» գիրքը յարմար նուէր մը կրնայ ըլլալ Ամանորի այս շրջանին. նաեւ անոր նոր հրատարակած գիրքը՝ «Մըռ Մըռ Թօթօն ու Վանայ Հարսիկ»ը, հետաքրքրական աշխատանք մըն է՝ մեր Վանայ շրջանի սպիտակ մուշտակով ու իր մէկ դեղին ու մէկ կապոյտ աչքերով ծանօթ կատուին նուիրուած: