ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Խորհրդարանական ընտրութիւններէն աւելի քան 9 ամիս ետք, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կազմած համախոհական կառավարութեան նախարարներու մեծ մասին նշանակումը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին վաւերացուեցաւ խորհրդարանին կողմէ, մինչ շարք մը նախարարներու շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Ընտրութեանց ընթացքին աթոռներու մեծամասնութիւնը ապահոված նախկին վարչապետ Այատ Ալլաուիի հետ համաձայնութեան շնորհիւ գոյացած կառավարութիւնը բաղկացած է 42 նախարարներէ, որոնցմէ 30ին անունը յստակացան Երեքշաբթի օր, սակայն մնացեալ նախարարութիւնները առայժմ պիտի կառավարուին ժամանակաւոր պաշտօնեաներու կողմէ, մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.