ԹԵՀՐԱՆ.- Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին «Արարատ» մարզաւանի «Շահբազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի դերասան Արամ Յովհաննիսեանի մենակատարութիւնը՝ ըստ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Համլէթ»ի, որ մրցանակներու արժանացած էր Լաթվիոյ եւ Լեհաստանի մէջ:
Հայերէնի թարգմանութիւնը կատարած էր Յովհաննէս Մասեհեան եւ բեմադրութեան համար ձեւաւորուած էր Լիլիթ Մկրտչեանի միջոցով: Երաժշտութիւնը կը պատկանէր Սերժ Գաբեանի:
Մենակատարութեան ընթացքին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր անգլերէն բնագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.