ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Դեկտեմբեր 24ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կեդրոնին յատկացուած երաժշտական գործիքներն ու տարազները կարելի չէ եղած հայ-վրացական սահմանի վրացական անցակէտէն փոխադրելը:
Նշենք, որ Երիտասարդական կեդրոնի ներկայացուցիչները Երեւան գալով՝ Սփիւռքի նախարարութենէն ստացած էին երաժշտական շուրջ 30 գործիք եւ երգի-պարի ելոյթներու համար 20 տարազ:
Երիտասարդական կեդրոնի ներկայացուցիչները փորձած են տարբեր բանակցութիւններու միջոցով սահմանին վրայ ծագած հարցը կարգաւորել, սակայն՝ ապարդիւն: Վերջապէս սահմանի ծառայողները յայտնած են, որ պէտք է մաքզսազերծեն ապրանքը, կամ՝ սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է դիմէ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ այնուհետեւ՝ Վրաստանի մաքսային ծառայութեան:
Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Անդրանիկ Արշակեանի, պատահածը պարզապէս ձեւական խնդիր է. «Մաքսային որոշակի պահանջներ ու ընթացակարգ կայ, որ պէտք է պահպանել ընդամէնը, ուրիշ բան չկայ», ըսած է ան՝ բացատրելով, որ նախապէս նման խնդիր չեն դիմագրաւած, որովհետեւ առիթ չէ եղած նման գործիքներ եւ տարազներ ուղարկելու։
«Դա ուրիշ հարց է՝ ձեւակերպուել է կամ թէ ինչո՛ւ չի ձեւակերպուել, կամ ուշացել է, բայց իրենց մօտեցումը շատ ֆորմալ էր», նշած է Արշակեան, սակայն չէ կրցած իմաց տալ, թէ ե՞րբ պիտի կատարուին այդ ձեւակերպումները, եւ տարազները ե՞րբ պիտի հասնին Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոն. «Գուցէ տօներից յետոյ, գուցէ եւ առաջ», ըսած է ան:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 26ին նախատեսուած էր Ամանորեայ համերգ մը՝ նուիրուած Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի 4ամեակին: Կեդրոնին աշակերտները կը սպասէին ուղարկուած տարազներուն՝ իրենց պարային բեմադրութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.