ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով անդրադարձած է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին ու Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութեանց առնչուող հարցերուն:
Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին հարցումի մը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Այսօր, հակամարտութեան կողմերը՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, կը շարունակեն բանակցութիւնները ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ: Ատրպէյճանի կեցուածքը յստակ է եւ Պաքու յաճախ կրկնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը նկատի ունենալով: Հայաստանի յարձակողապաշտ ուժերը պէտք է նահանջեն բոլոր գրաւեալ տարածքներէն ու ատրպէյճանցի գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց տուները, շրջանի ենթակառոյցը պէտք է վերանորոգուի ու հաղորդակցութեան կապերը պէտք է վերահաստատուին: Ապա, Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ատրպէյճանցի համայնքները պէտք է դրսեւորեն իրենց ինքնորոշման իրաւունքը՝ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս մնալով: Դժբախտաբար, Հայաստան բանակցութեանց ընթացքին շինիչ դիրքորոշում մը չէ որդեգրած ու կը փորձէ երկարաձգել բանակցութիւնները, բայց մենք այդ մէկը չենք կրնար արտօնել: Ատրպէյճանի արդար կեցուածքը կը վայելէ ամբողջ աշխարհի նեցուկը, եւ արաբական երկիրները կարեւոր դերակատարութիւն ունին այս ծիրէն ներս»: