ՅԱՍՄԻԿ ՃՈՒՊԱՆԵԱՆ- ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Կիրակի կէսօրին, 5 Դեկտեմբեր 2010ին, քուէյթահայերը երկրորդ անգամ ըլլալով հաւաքուած էին «Bellaj» շքեղ սրահին մէջ, մասնակից դառնալու համար Ամերիկայի գործադիր մարմինին կողմէ կազմակերպուած Քուէյթի Ազգային վարժարանի 50ամեակի «Christmas Lunch» հաւաքոյթին, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանին 50ամեակին նուիրուած երկրորդ ձեռնարկն էր:
Օրուան հանդիսավարն էր դպրոցի շրջանաւարտներէն Յասմիկ Ճուպանեան-Գարակէօզեան։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք եկած էին քաջալերելու այդ օրուան ձեռնարկը եւ իրենց ներկայութեամբ ճոխացնելու մթնոլորտը։ Յ. Ճուպանեան-Գարակէօզեան յիշեց, թէ այդ օրը Դեկտեմբերի առաջին Կիրակին է, իսկ Դեկտեմբերը՝ Christmas-ի եւ Նոր Տարուան ամիսն է, հետեւաբար ուրախութեամբ պէտք է սկսիլ այս ամիսը, որպէսզի ամսուան վերջն ալ առողջ եւ ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորենք Նոր Տարին։ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, ան յանձնախումբին անունով բոլորին մաղթեց առողջ եւ ուրախ տարիներ։
Բացման խօսքի ընթացքին հանդիսավարը անդրադարձաւ նաեւ եզրափակիչ ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 26ին, «Renaissance» գեղեցիկ սրահին մէջ, շքեղ եւ արժանավայել կերպով տօնելու Քուէյթի Ազգային վարժարանի յիսնամեակը։ Ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան բարձրաստիճան հիւրեր, իսկ պաշտօնական բաժինով պիտի պարգեւատրուին ներկայիս Ամերիկա եւ Գանատա ապրող նախկին քուէյթաբնակ ազգայիններ ու ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն։
Այն շրջանաւարտները, որոնք կը փափաքին իրենց նիւթական ներդրումը բերել Քուէյթի Ազգային վարժարանին, իրենց անունները պէտք է նախօրօք արձանագրեն։ Ան յիշեց նաեւ, որ Քուէյթի մէջ Մայիս ամսուն, երեք օրերու ընթացքին բարձր մակարդակով պիտի նշուի դպրոցի հիմնադրութեան յոբելեանը, որուն համար Քուէյթէն բազմաթիւ հրաւէր-նամակներ պիտի հասնին բոլորին՝ առաջարկելով անպայմանօրէն Քուէյթ այցելել վերոյիշեալ թուականներուն եւ վայելել անմոռանալի ու յիշատակելի օրեր։
Հանդիսավարը ուրախութեամբ յայտատարեց, թէ այսօր պատահաբար ներկաներուն մէջ կը գտնուի Քուէյթէն ժամանած, դպրոցի շրջանաւարտներէն Յակոբ Էմրազեանը։ Հիւրը բեմ հրաւիրուեցաւ եւ իր զգացումներն ու յուշերը բաժնեց ներկաներուն հետ։
Յանկարծ ներկաները լսեցին «Կաղանդ պապա» երգը, եւ անակնկալօրէն ներս մտաւ կաղանդ պապան՝ իր նուէրներու տոպրակով։ Ներկաները ուրախութիւն պարեցին եւ նկարուեցան կաղանդ պապուկին հետ, իսկ փոքրիկները երգեցին, արտասանեցին եւ յատուկ նուէրներ ստացան։ Մեծերը յիշեցին իրենց մանկութեան օրերը, երբ կը վախնային կաղանդ պապուկէն, կը մոռնային իրենց երգն ու արտասանութիւնը եւ դողդոջուն քայլերով կը մօտենային՝ ստանալու իրենց նուէրները, սակայն այսօր համարձակ եւ ինքնավստահ արտասանեցին այն քանի մը տողերը, զորս տարիներ առաջ սորված էին Քուէյթի Ազգային վարժարանին մէջ:
Քուէյթի Ազգային վարժարանի նախկին ուսուցիչներէն՝ Մեսրոպ Թաշճեան, ներկայ էր նաեւ ձեռնարկին եւ իրեն հետ բերած էր իր ձայնասկաւառակները։ Ան խնդրեց, որ ձայնասկաւառակները վաճարուին եւ հասոյթը յատկացուի Քուէյթի Ազգային վարժարանին։ Ան իր սիրելի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ քանի մը երգերով ճոխացուց մթնոլորտը։
Վարժարանի շրջանաւարտներէն Ներսէս Պոյաճեան խօսք առաւ եւ իր յուշերն ու մտածումները բաժնեց ներկաներուն հետ։ Ան շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ այս սրահին մէջ բոլորն ալ մաքուր հայերէն կը խօսին. երեւոյթ մը, որ դժուար թէ տեսնենք ներկայ սերունդին մօտ, մանաւանդ, երբ կ՛ապրինք Ամերիկայի մէջ. «Քուէյթի անապատին մէջ մենք տիրապետեցինք մեր մայրենի լեզուին, բոլորս ապրեցանք մէկ ընտանիքի նման եւ ամուր կառչեցանք մեր մէկ-հատիկ դպրոցին ու եկեղեցիին», ըսաւ ան։
Մթնոլորտէն խանդավառուած՝ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւներ։ Ծախուեցան վիճակահանութեան տոմսեր եւ շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:
Ձեռնարկը ճոխացուց «Blue Eyes D.J.»ը՝ հայկական եւ արաբական երգերով։
Հաճելի էր տեսնել, որ շատեր տակաւին կը յիշէին քուէյթեան պարերուն իւրայատուկ շարժումները։ Քուէյթէն նամակ մը ուղարկուած էր։ Յանձնախումբը զայն բաժնեց ներկաներուն, որպէսզի կարդան եւ զգան, թէ իրենք այդ դպրոցին անբաժան մէկ մասնիկն են։
Եկաւ ցտեսութեան պահը։ Բոլոր ներկաները բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան՝ խոստանալով քաջալեր հանդիսանալ 26 Մարտ, 2011ի եզրափակիչ ձեռնարկին՝ ճաշկերոյթ-պարահանդէսին։
Անոնք վստահաբար գիտեն, թէ իրենց ներկայութիւնը շատ կարեւոր է պարգեւատրելու մեր նախկին քուէյթաբնակ ազգայինները, որոնք անխոնջ նուիրումով, նիւթապէս եւ բարոյապէս, սատար հանդիսացած են վարժարանիս վերելքին։ Գիտեն, որ իրենց ներկայութեամբ պէտք է պատուեն իրենց սիրելի ուսուցիչները, համբուրեն զիրենք եւ խոնարհին անոնց առջեւ՝ փաստելու համար, թէ ուսուցչական ասպարէզը ապերախտ ասպարէզ մը չէ, այլ՝ եզակի ասպարէզ մը, նուիրումի եւ զոհողութեան ասպարէզ մը, եւ թէ միայն եզակի անձեր կրնան նետուիլ այդ սրբազան առաքելութեան:
Ուրեմն 26 Մարտ 2011ը գրաւուած թուական մըն է Ամերիկայի նախկին քուէյթաբնակներուն համար։
Եկէ՛ք բոլորս արժանի ձեւով գնահատենք եւ բարձր մակարդակով նշենք Քուէյթի Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան Ոսկի ամեակը, եւ ցոյց տանք, թէ մեր դպրոցին ջահը կը լուսաւորէ նաեւ ովկիանոսէն անդին, ու անմար պիտի մնայ յաւիտեան։