
ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան Նոր տարուայ նախօրեակին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուցած է 2011ի իր երեք գլխաւոր փափաքները։
Թուրքիոյ դեսպանին առաջին փափաքը կապուած է Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ֆրենք Ռիքարտոնէի նշանակման հետ. անոր թեկնածութիւնը չէր վաւերացուած Ծերակոյտին կողմէ:
Թանի երկրորդ ցանկութիւնը կապուած է թուրք-ամերիկեան առեւտրական յարաբերութիւններուն։ Ան կը փափաքի, որ յառաջիկայ տարուան մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը զգալիօրէն աճի։
Թուրքիոյ դեսպանին երրորդ փափաքը առնչուած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին։ «Յառաջիկայ տարուան մէջ վիճայարոյց պատմական նիւթերու փոխարէն, թող աւելի ջանք ու եռանդ թափուի շօշափելի եւ կառուցողական նիւթերու վրայ», կը փափաքի Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան։