NEVER GIVE UP ON A DREAM
Ինչպէս գիտէք, վերջին տարիները եղան ծանր, դատական պայքարի տարիներ, Լոս Անճելըսի Մելգոնեան Սանուց եւ Բարեկամներ Միութեան համար։ Մեր արդար խղճի ձայնին անսալով, փորձեցինք Մելգոնեան եղբայրներու կտակին սահմանումը եւ Մ. Կ. Հաստատութեան պատկանելիութիւնը ճշդել դատարանի միջոցով, միեւնոյն ատեն ամէն ճիգ ի գործ դրինք արգիլելու համար Հաստատութեան կալուածներուն վաճառքը ՀԲԸՄի կողմէ։ Արդարեւ, Կիպրոսի Սանուցի աննկուն ջանքերուն շնորհիւ Կիպրոսի կառավարութիւնը յատուկ հրամանագրով մը, Մարտ 31, 2008ին հաստատեց Մելգոնեան շէնքերուն եւ 30 էյքըր ընդհանուր հողատարածքին 60 տոկոսին անձեռնմխելիութիւնը՝ որպէս ազգային ժառանգութիւն, իսկ յարակից պուրակը՝ որպէս Կանաչ Գօտի։ Այս ձեւով ակնյայտ է որ դիւրին պիտի չ՛ըլլայ կալուածները վաճառել, քանի որ օրէնքը նոյնպէս կ՛արգիլէ կալուածներու որեւէ ձեւափոխում։
Արտասահմանի հայութիւնը կարիքը ունի համահայկական երկրորդական գիշերօթիկ հաստատութեան մը, ուր կը պահպանուի մայրենի լեզուն, Հայոց պատմութիւնը եւ հայ մշակոյթը։
Եւրոպայի կարգ մը մեծահարուստ հայ գործատէրեր որոշած են թիկունք կենալ Մելգոնեանը վերաբանալու համար տարուող աշխատանքներուն, նիւթական մեծագումար ներդրումներ կատարելու յանձնառութեամբ, քանի որ անոնք կը գիտակցին թէ Սփիւռքի մէջ առանց Հայ դպրոցի եւ հայեցի դաստիարակութեան կարելի չէ հայապահպանումի գործը յառաջ տանիլ եւ Արեւմտահայերէնը, հայ գիրն ու գրականութիւնը վերջի վերջոյ դատապարտուած կ՛ըլլան անհետացման։
Այս կապակցութեամբ անցեալ տարի Փետրուար 28ին Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցանք Եւրոպայի մեր գործատէր բարեկամներու հրաւէրով, որպէսզի միասնաբար կարենանք մեր հետագայ գործունէութեանց ուղիները որոշել։ Այս հանդիպումին մասնակցեցան Մելգոնեան Սանուցներու ներկայացուցիչներ՝ ԱՄՆէն, Գանատայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Անգլիայէն եւ Գերմանիայէն։ Որոշում առնուեցաւ կազմել կեդրոնական միացեալ մարմին մը ներկայ ժողովականներով եւ ընտրել մէկը որ համադրէ եւ տնօրինէ այս նոր կազմակերպութեան աշխատանքները։ Որոշուեցաւ այս նոր կազմակերպութիւնը կոչել «Միջազգային Մելգոնեան Սանուց եւ Բարեկամներ» անունով եւ ԱՄՆէն Զօհրապ Շամմասեան նշանակուեցաւ որպէս գործադիր տնօրէն։
Որոշուեցաւ Հայաստանի եւ արտերկրի հայութիւնը եւս մասնակից դարձնել մեր այս պայքարին։ Սփիւռքի եւ հայաստանի բոլոր թերթերուն մէջ հրապարակուեցաւ Կոչ մը եւ ստորագրահաւաքի արշաւ՝ Մելգոնեանը վերաբանալու մասին. մօտ 8000 ստորագրութիւն հաւաքուեցաւ ու ղրկուեցաւ Կիպրոսի Նախագահին, եւ Ընդհ. Դատախազին, Կիպրոսի Ներքին եւ Կրթական Նախարարութեանց, ցոյց տալու համար հայ ժողովուրդին կամքն ու վճռականութիւնը՝ Մելգոնեանը վերաբացուած տեսնելու, առ այդ խնդրելով Կիպրոսի կառավարութեան միջնորդութիւնը…։
Եւրոպայէն, միութեանս արժանաւոր եւ նուիրեալ նախաձեռնող բարեկամներ՝ պրն. Արտէն Շելլեֆեան եւ տիկ. Թալին Ուզունեան-Աւագեան, եւ Սէրմաքէշ ազնիւ եւ դատին հաւատաւոր ընտանիքին օրհնութեամբ, շփումներ կը ստեղծեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հայ մտաւորական հարուստ գործատէրերուն հետ, ժողովներ կ՛ունենան, Հայաստանի մէջ մամուլի ասուլիս կը տրուի եւ բազմաթիւ տեղական թերթեր ընդարձակ յօդուածներով Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան վերաբացումը կը ջատագովեն։
Մեր, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միացեալ ժողովը կ՛որոշէ կրթական եւ տնտեսական նոր ծրագիր մը մշակել եւ ներկայացնել ՀԲԸՄին ու խնդրել հանդիպում մը ունենալ՝ քննելու համար շարք մը հիմնախնդիրներ ու ծրագիրներ Մելգոնեանը վերաբանալու։ Մեր նոր բարեկամ խմբակցութիւնը յանձն կ՛առնէ նիւթական եւ բարոյական ամէն զոհողութիւն՝ վերականգնելու համար Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութիւնը միջազգային ընդունուած բարձր կրթական մակարդակով, ինչպէս նաեւ վերանորոգել հին շէնքերը ու երբ հարկ ըլլայ նորերը շինել իրենց ծախսերով ու Մելգոնեանը դարձնել միասնականութեան խորհրդանիշ՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան։
Առ ի տեղեկութիւն յիշենք թէ «Այբ Կրթական Հիմնադրամը» գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տէր Մեսրոպ քհն. Արամեանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մեր գործատէր բարեկամներու միացեալ խումբով, որոշած է շինել Երեւանի մերձակայքը կրթական աւան մը 800 աշակերտներու համար, որ պիտի սկսի նախակրթարան, միջնակարգ եւ բարձրագոյն հաստատութիւններով: Շինութեանց ճարտարապետական գծագրումները կը հովանաւորեն ԱՄՆ Հարվըրտ եւ Էմ.Այ.Թի համալսարաններուն ճարտարապետները, եւ որուն համար հանգանակուած է 30 միլիոն Ամերիկեան տոլար։ Միաժամանակ «Այբ կրթական հիմնադրամը» ձեռնամուխ եղած է Մելգոնեանը վերաբանալու աշխատանքին եւ այս կապակցութեամբ ՀԲԸՄի հետ երկխօսութիւն սկսելու գործընթացի մէջ է:
Համասփիւռ մելգոնեանցիներուն կոչ կ՛ընենք թիկունք կենալ ՄԿՀն վերաբանալու ջանքերուն՝ առանց վհատելու։ Դրական ցուցանիշեր կան, որ մեր նոր հաւաքական արդար ու ազնիւ պայքարը պիտի շարունակենք յաջողութեան լաւագոյն գրաւականներով։
Մելգոնեանցիներս աւանդաբար համակիր եղած ենք եւ երախտագիտական ջերմ զգացումներ կը տածենք մեծն Պօղոս Նուպարի հիմնած բարեսիրական մեր այս մեծ կազմակերպութեան՝ ՀԲԸՄիութեան հանդէպ։ Կը հաւատանք որ ՀԲԸՄի ղեկավարութեան ճիշդ եւ արդար կողմնորոշումով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը անպայման դարձեալ պիտի բանայ իր դռները, որպէսզի շարունակուի ուսումնատենջ հայ նոր սերունդներ հայօրէն դաստիարակելու Մելգոնեանի առաքելութիւնը։
Melkonian Alumni and Friends
Los Angeles, California