Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները բնորդի վերածուած են, ոչ միայն շրջանային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ», նշելով, որ Թուրքիան եւ Սուրիան իրենց երկկողմանի յարաբերութեանց մէջ կարեւոր եւ լուրջ ճամբայ կտրած են։
Տաւութօղլու շեշտեց, որ Սուրիան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատար մըն է, եւ առանց անոր օժանդակութեան կարելի չէ կայունութիւն հաստատել, ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ճամբան Սուրիայէն կ՛անցնի։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ պաղեստինեան դատին հանդէպ թուրք ժողովուրդին զօրակցութիւնը բացարձակ է, եւ թրքական կառավարութիւնը իր կարգին, տարբեր մարզերու մէջ զօրավիգ կը կանգնի պաղեստինցիներու իրաւունքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.