ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Դեկտեմբեր 22ին ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան քուլիսներու ետին խաղացուած տրաման, նոյն շրջանին աւելի բարձրերը նիւթուած դաւադրութիւնն ու Քոնկրեսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը թաղելու՝ նոյն Տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի պատեհապաշտութեան հասնող տխուր դերակատարութիւնը, բնական էր, որ զայրոյթով պիտի լեցնէր ու խոցէր Հայ Դատով շնչող ամէն տարիքի հայրենասէրներու սիրտերը, ու նաեւ անոնց մէջ ամէնէն անուղղաներուն ու ծայրայեղականներուն քաղաքական գիտութեան թանկագին դաս մը սորվեցնէր:
Ամերիկահայութեան մռութին տրուած վերջին այս աքացին, յուսանք, որ պիտի զգաստացնէ ու գերագոյն ճշմարտութեան հասցնէ Հայ Դատի խանդավառ ղեկավարութիւնը, թէ՝ ԱՄՆի նման երկիրի մը հաշուեցուցակին մէջ քաղաքական, տնտեսական, աշխարհագրական ու մասնաւորապէս՝ մեծապետական տուեալները աւելի ծանր կը կշռեն, քան դար մը առաջ փոքր ժողովուրդի մը կրած ու անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան արարքին ճանաչումն ու դատապարտումը։
Իսկապէս մեզի անհասկնալի կու գայ Հայ Դատի լուծումը օտարէն սպասելու մեր մտածելաձեւը, դեռ 18րդ դարուն, Ռաֆֆիի ժամանակաշրջանէն, մինչեւ այսօր յամեցող իրերայաջորդ սերունդներու տղայական միամիտ մարտավարութեան վրայ։ Այնպէս կոչուած քրիստոնեա՛յ Արեւմուտքէն ստացած հարուածներու յաճախականութենէն, վաղուց սթափած ու զգաստութեան հասած պիտի ըլլար հայ քաղաքական միտքը… Ու փոխանակ ԱՄՆ ու Քոնկրեսի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման սին յոյսերով խարխափելու եւ հայ զանգուածները ամբողջ տասնամեակներ օրօրելու, անոնց յուսախաբութիւններու անվերջ շարան մը ապրիլ տալու՝ պիտի հետեւէինք Շաւարշ Թորիկեաններու գծած ուղիին եւ ամերիկահայութեան ներոյժն ու անոր նիւթական կարելիութիւնները գործնապաշտ քաղաքականութեամբ, հողային պահանջատիրութեան ու Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցում ապահովելու դժուարին աշխատանքին պիտի հունաւորէինք։
Այս պահուս, դժուարագոյնը՝ զուսպ մնալու, զիրար չամբաստանելու առաքինութեան մէջ կը կայանայ, բոլոր անոնց մօտ, որոնք Հայ Դատի լուծումը իրարմէ հակոտնեայ տեսանկիւնէ կը դիտեն ու կը պատկերացնեն։ Ի տես համազգային ներկայ խայտառակութեան, շատ հեշտ պիտի ըլլար գոչել մօտաւոր անցեալին մեզ քննադատներու երեսին՝ «Ձեզ քանիցս զգուշացուցինք, թէ ներկայիս, ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ, բարձրադիր պաշտօնատար կամ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ յանձն պիտի առնէ «ռիսքը», վասն մեր արդարագոյն դատին՝ զօրեղ դաշնակից մը վշտացնելու ու ամերիկեան ազգային շահերը հաւանական վտանգի ենթարկելու»։
Այս պահուս սակայն, դժուարագոյնը՝ դիմադրելն ու զսպուածութիւն ցոյց տալն է այդպիսի փորձութիւններու։ Փոխանակ իրարու գործելակերպը քննադատելու, ինչ որ դիւրին հարուած մը հասցնել պիտի ըլլար դիմացինի մռութին՝ պիտի բռունցքուինք Հայ Դատի երիտասարդ անդամներուն հետ ու զանոնք պիտի խրախուսենք, որպէսզի անյողդողդ հաւատքով անվհատ շարունակեն գործել ի նպաստ Հայկական արդար Դատին։ Պարտութեան յաջորդող ճգնաժամային լլկիչ պահերուն ի յայտ կու գայ խումբի մը մարտունակութիւնը։ Վհատելով խրամատը լքելը, այս պահուս, դասալիք ըլլալէ բացի, թշնամիին ջրաղացքին ջուր լեցնելու պիտի ծառայէ միայն։
Եթէ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան այս պահուս մեր մէջ գտնուէր, Ցեղասպանութեան ճանաչումէն աւելի, իր հայրենանուէր կուսակցութեան ու Հայ Դատի նուիրեալներու ուշադրութեան առարկան պիտի դարձնէր հողային պահանջատիրութիւնը, եւ ՀՅԴի ներոյժը պիտի ուղղէր Հայաստանի տնտեսական զարգացման, Ղարաբաղի ազատագրուած հողերը հայերով բնակեցման ու հայրենիքէն դուրս վտանգաւոր համեմատութիւններ ստացած արտագաղթի կասեցման:
Վերջերս, ղեկավար ընկերոջ մը հետ հայութիւնը յուզող ու խոշտանգող ազգային հարցերու շուրջ կը զրուցէինք։ Հաճոյքով անդրադարձանք, թէ ղեկավար ընկերը եւ յօդուածիս գրողը հայութիւնը տագնապեցնող հարցերը նոյն տեսանկիւնէն կը դիտէին ու հայութեան ապագային հանդէպ գրեթէ նոյն տեսակէտը կը բաժնէին։ Սակայն հազիւ որոշում առնելու ժամը կը հնչէր, «Ցեղասպանութեան ճանաչումը» կուսակցական մեր գործունէութեան առաջնահերթութիւններու գլուխը կը յայտնուէր, իբրեւ թէ տարբեր հոսանքի պատկանող սփիւռքահայերը իրարու միացնող ազդակ՝ ցեղասպանութեան կոտտացող վէրքի բալասան։
Յաճախ, երբ հայութիւնը տագնապեցնող հարցերու շուրջ խոկալու պարտաւորութեան տակ գտնուիմ, ակամայ, ողբացեալ փրոֆ. Թորիկեանը կը մտաբերեմ ու ես ինծի հարց կու տամ, թէ սիրելի փրոֆեսէօրը, որուն հետ եօթանասունական թուականներուն Դայ Դատի ճամբով ծանօթացեր ու գործակցեր էի, եւ Ափրիկէ իր ճամբորդութեան օրերուն՝ խորացուցեր մեր բարեկամութիւնը… Մեր սիրելի փրոֆեսէօրը հայ ժողովուրդը տագնապեցնող հարցերուն շուրջ ի՞նչ մօտեցում պիտի որդեգրէր, եթէ ապրէր։
Հրապարակուած անոր հատորներուն միջոցով սերտեր էի Հայ Դատի անխոնջ զինուորին գործելակերպն ու մտածելաձեւը. Հայկական Հարցին հանդէպ անոր գործնական մօտեցումը եւ ցուցաբերած նրբին դիւանագիտութիւնը զինք կ՛առանձնացնէին այդ օրերու սփիւռքեան իրականութեան մէջ գործող Հայ Դատի գործընկերներէն։ Չտեսնուած լայնախոհութիւն կը ցուցաբերէր եւ համբերութեամբ, լարումով մտիկ կ՛ընէր իր տեսակէտին հակոտնեայ կարծիքներուն:
Այո, եթէ տակաւին անիկա մեր մէջ ըլլար, Հայ Դատի ամերիկահայ երիտասարդ ու խանդավառ անդամները, Քոպի Պրայընթի նման նսեմացնող հարցեր օրակարգի վրայ պիտի չդնէին:
Քանի որ կը սպասէինք ներկայ արդիւնքին, յատկապէս երբ խաւարի դեմոկրատ ասպետներուն պահած համատարած լռութիւնը աղիտաբեր նախանշան էր հայութեան գլխուն պայթելիք փոթորիկին, այո՛, անկեղծ ըլլալու համար խոստովանինք, որ Նենսի Փելոսիի արարքէն աւելի, Հայ Դատի երիտասարդ անդամներուն կողմէ մի ոմն՝ Քոպի Պրայընթի դէմ տարուող պայքարը զայրացուց զիս ու ինծի պէս մտածողները։
Մեզի ի՞նչ, եթէ պասքեթպոլիսթ մը կը ներկայացնէ թրքական օդանաւային ընկերութիւնը։ Թո՛ղ անիկա ծախու հանէ մարդկային իր խիղճը։ Այս ընթացքով, եթէ վաղը թրքական դեսպանատան մեքսիքացի դռնապանը թուրք դեսպանին առջեւ քծնելով՝ անոր ինքնաշարժին դուռը բանայ ու բարեւի կենայ, խեղճ դռնապա՞նն ալ թիրախ պիտի հանդիսանայ մեր զայրոյթին. զինք ալ «Persona no gratta» պիտի հռչակենք եւ տնտեսական ու մարդկային մեր ներոյժը պիտի մսխենք՝ անոր «հակահայ արարքին» դէմ ցոյցեր կազմակերպելով…
Bravo Boghos…Madet verkin zargir. Haskestoghin shad pan.