
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա Հինգշաբթի, Յունուար 20ին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը չէ աւարտած, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է գիտնայ, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան որեւէ ատեն սկսիլ։
«Ատրպէյճան, միջազգային կազմակերպութիւններու յանձնարարութիւններուն համաձայն, կը շարունակէ մասնակցիլ բանակցային գործընթացին եւ կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով։ Սակայն Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմական նախապատրաստութիւնները, որովհետեւ տկար երկրի մը հետ ոչ ոք հաշուի կը նստի» լրագրողներուն յայտարարած է Մուրատովա։
Անոր կարծիքով, առանց տնտեսական եւ ռազմական ուժի, Ատրպէյճանը չի կրնար ամրապնդել իր դիրքերը բանակցութիւններուն եւ այլ գործընթացներուն մէջ։ «Ատրպէյճան զգալի յաջողութիւններու հասած է ռազմական, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու մէջ։ Միաժամանակ, մենք հակառակ կողմին ցոյց կու տանք, որ Ատրպէյճան պիտի չհաշտուի իր հողերու կորուստին եւ տարածքին մէջ երկրորդ հայկական պետութիւն մը ստեղծելու գաղափարին հետ։ Այդ փորձը պիտի կասեցուի կարելի բոլոր միջոցներով, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ ռազմական ճանապարհով», նշած է Մուրատովա։
azerbaijane leresnelu miyag michose zoravor haygagan panag unenalen e.azerinere ayskan gezerrrrangor kani irenk otayin ujov hayasdanen aveli kerazans en(mod 180 otanav unin),hayasdan(uni mod 35 otanav)bedk uni otanaver yev arans otachuyi otanaver,aravel radar gided missiles.