ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անիի աւերակուած Մայր տաճարին դարձեալ խռովքի պահ մը շնորհուած է: Տաճարը քարեղէն կերտուածք ըլլալով, անոր խռովք ապրած ըլլալուն մասին խօսիլը կրնայ անհեթեթ նկատուիլ:
Չեմ ուզեր վիճիլ: Բայց կրնամ պնդել, որ իւրաքանչիւր հայու աչք տեսաւ այդ խռովքը, զոր պատճառած էր քանի մը ամիս առաջ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքական նամազը: Աղօթքն առ Աստուած, իսլամի լեզուով աղօթքը չէ, որ խռովքի կը մատնէ մեզ, այլ նոյնինքն աղօթքը իբրեւ անհանդուրժողութեան ու մերժումի միջոց օգտագործելու վարքագիծը, որ կը դրսեւորուէր մոլեռանդ ամբոխի մը կողմէ:
Հիմա դարձեալ Անին խռովուած կը տեսնենք: Այս անգամ արուեստն է, որ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը խանգարէ մենաւոր ու կարեվեր եկեղեցիին «հանգիստ»ը: «Էլլ» հանդէսի թրքական տարբերակի դեկտեմբերեան համարին մէջ երեւցող յօդուածին հեղինակը, կամ նորաձեւութեան երկու բնորդ ոչ-թուրք աղջիկները, թուրք նկարիչը եւ կամ նոյնինքն «Էլլ»ի խմբագրութիւնը, սրբապղծութիւն կատարած ըլլալու կամ մեր ժողովուրդին զգացումները վիրաւորելու նպատակ հաւանաբար չեն հետապնդած, ու նոյնիսկ իրենց միտքէն իսկ նման բան չէ անցած:
Այսուհանդերձ, մենք վիրաւորուած ենք ի տես այս նկարներուն, վիրաւորուած ենք ոչ միայն խորանին առջեւ ու եկեղեցիէն ներս առնուած պատկերներուն համար՝ ուղղակի սրբավայրի մը մէջ անյարիր նկատելով զանոնք, այլ ընդհանրապէս զգայնութեան բացարձակ բացակայութեան համար՝ այս ծրագիրի յղացողներուն, գործադրողներուն ու բոլոր մասնակիցներուն մօտ:
Վիրաւորուած ենք ու կը բողոքենք: