ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հաղորդակցութեան ղեկավար Աշոտ Աստաբացեանին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Յունուար 25ին հանդիպած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց հետ:
Ան նշած է, թէ ըստ աշխատանքային գաղտնապահութեան սկզբունքներուն, չի կրնար որեւէ տեղեկութիւն յայտնել Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայերու առողջական վիճակին մասին։ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչը նշած է նաեւ, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է կրկին իր միջնորդական առաքելութիւնը առաջարկելու հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց հայրենադարձի գործին մէջ:
Նշենք, որ ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու, Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները իրականացուցած են գերիներու առողջութեան կարգաւորում, իսկ անոնցմէ մէկուն ալ նամակ յանձնած են իր ընտանիքէն:
Ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուին եօթը հայ ռազմագերի եւ մէկ ընտանիք՝ բաղկացած հինգ անձերէ: