ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Որոշ տնտեսագէտներ կ՛ահազանգեն, որ 2013էն սկսեալ, Հայաստան կրնայ յայտնուիլ նիւթական փլուզման առջեւ՝ չկարենալով վճարել պետական արտաքին պարտքը: Կան նոյնիսկ յոռետեսական գնահատականներ, ըստ որոնց, Հայաստանի մէջ լրջագոյն խնդիր կրնայ դառնալ աշխատավարձերու վճարումը:
Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան հրապարակած է 2010ին ձեւաւորուած արտաքին պարտքի մակարդակը, որ 3.79 միլիառ տոլար է: Նախարարութիւնը նաեւ պաշտօնական տեղեկատուութիւն փոխանցած է 2010-2020 ժամանակահատուածին մէջ պետական պարտքի մարումներու նախագիծին մասին:
Պետական պարտքի մարման իսկական գագաթնակէտը, ըստ նշեալ նախագիծին, տեղի պիտի ունենայ 2013ին, երբ պետական պիւտճէէն պէտք է կատարուի 107 միլիառ դրամ (300 միլիոն տոլար) վճարում, որմէ միայն 206 միլիոն տոլարը արտաքին պարտաւորութիւններու մարում է, իսկ մնացածը՝ ներքին պարտքի վճարում:
Հայաստանի պետական ամավարկի ծախսային մասը շուրջ 1 միլիառ տոլար է: Այսինքն, պետական պարտքի մարումներուն գծով, 2013ին պէտք է ծախսուի պիւտճէին 30 տոկոսը: Սակայն պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ 2013ի պետական պիւտճէն աւելի մեծ պիտի ըլլայ:
Պարտքի մարման յաջորդ գագաթը պիտի ըլլայ 2018ն, երբ երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել շուրջ 210 միլիոն տոլար, որուն 160 միլիոնը՝ արտաքին պարտքի գծով:
2018-20ին, Հայաստանը միայն արտաքին պարտքի մայր գումարէն պիտի մարէ տարեկան շուրջ 140 միլիոն տոլար, իսկ տոկոսներու գծով՝ 22-24 միլիոն տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.