ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Իքոնոմիսթ» թերթը իր Յունուար 29-Փետրուար 4 թիւով անդրադրաձած է Լիբանանի վերջին իրադարձութեանց, նշելով, թէ մինչ Լիբանանի վերջին քանի մը շաբաթներու իրադարձութիւնները՝ սկսելով կառավարութեան տապալումէն ու հասնելով «Հըզպալլա»ի աջակցութիւնը վայելող վարչապետի մը նշանակման, այլ երկիրի մը մէջ կրնային տնտեսական ճգնաժամ մը պատճառել, աւելի վատը ակնկալող լիբանանցիներուն համար ներկայ իրավիճակը նոյնիսկ որոշ հանդարտութիւն մը պատճառած է:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ բնականաբար բոլոր լիբանանցիները գոհ չեն ստեղծուած նոր իրավիճակէն, ու նոյնիսկ նոր վարչապետ նշանակուած Նեժիպ Միքաթիի սիւննի կրօնակիցներէն ոմանք զայն դաւաճան կը նկատեն եւ կասկածով կը մօտենան Սուրիոյ հետ անոր մօտիկ կապերուն:
Այլ թիրախ մըն է տիւրզի ղեկավար Ուալիտ Ճոմպլաթը, որ «Հըզպալլա»ի կողմը անցնելով՝ Միքաթիի համար բաւարար քուէներ ապահովեց:
Միքաթին «կարող եւ չէզոք» որակող թերթը կը նշէ, թէ դժգոհներուն շարքին են նաեւ Ամերիկան, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը, որոնք նեցուկ կը կանգնէին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին՝ 2005էն ի վեր, «երբ կը կարծուէր, թէ Սուրիոյ եւ անոր տեղացի դաշնակիցներուն գերիշխանութեան ժամանակաշրջանը աւարտած է»:
Շաբաթաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ շիիներու եւ Սուրիոյ ու Իրանի համակիրներուն կողքին, նոր իրադարձութիւններէն գոհ մնացողներուն շարքին են նաեւ քրիստոնէական կարգ մը ազդեցիկ ուժեր, որոնք դժգոհ էին Հարիրիի տնտեսական ու քաղաքական գերիշխող ազդեցութենէն:
Ըստ թերթին, «Հըզպալլա»ի գլխաւոր պահանջն է պահպանել Իսրայէլի դէմ դնելու համար հարկաւոր նկատուող իր զինուորական ուժը. ան միաժամանակ կ՛ընդդիմանայ Լիբանանի հարցով կազմուած միջազգային ատեանին, որովհետեւ կասկածներ կան, որ ատեանը քաղաքական շարք մը սպանութեանց պատասխանատու պիտի նկատէ «Հըզպալլա»ի կարգ մը անդամներ:
«Այդ ոճիրները եւ արդարութենէն խուսափելու փորձերը շատերը կը նեղացնեն Լիբանանի մէջ, սակայն շատեր նաեւ պատրաստ են հարցը թաղելու՝ խաղաղութեան սիրոյն: Միքաթի եւ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա շեշտը հաշտութեան վրայ կը դնեն, իսկ Հարիրի վայրագութեանց չդիմանալու կոչ ըրած է իր համակիրներուն:
«Երկրին շուկաներուն կացութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը կրնայ կայունութիւնը պահպանել», կը գրէ թերթը՝ միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով, որ «Հըզպալլա»ի վերելքը կրնայ Իսրայէլի հետ նոր ճակատումի մը առաջնորդել երկիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.