ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայոց Ազգային Բանակին 19րդ տարեդարձը, որ Յունուար 28ին մեծ շուքով տօնուեցաւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ արտասահմանի տարածքին, իր առթած արդար հպարտութեան կողքին արթնցուց նաեւ տխուր յիշողութիւններ՝ իր անկախութիւնը վերականգնած մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ազգային–պետական մտածողութիւնը հունաւորելու եւ ամրապնդելու հրամայականին վերաբերեալ։
Հայ մարդը բնականաբար միայն հպարտութեամբ եւ անխառն ինքնավստահութեամբ կը համակուի, երբ երիտասարդ մեր բանակին տարեդարձին առիթով, պաշտօնական քարոզչութեան իսկ կողմէ, անհրաժեշտ կարեւորութեամբ շեշտ կը դրուի անոր սաղմնաւորման, ստեղծման եւ ուժեղացման հիմքն ու մղիչ ուժը կազմող ազգային գաղափարաբանութեան վրայ։
Հայոց Բանակին Օրը փաստօրէն առիթը ընծայեց թէ՛ իշխանութեանց ղեկին կանգնած պաշտօնատարներու, թէ՛ Արցախի ազգային–ազատագրական պայքարի ակունքներէն եկող գործիչներու, որպէսզի արժանին մատուցեն նոր ժամանակներու մեր ֆետայիներուն, որոնք քսաներորդ դարավերջին «Մահ կամ Ազատութիւն» վճռելով զէնք բարձրացուցին, Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին անսակարկ զոհաբերեցին իրենց գերագոյնը եւ, կարեւորագոյնը, գիտցան ու կարողացան Հայաստանի ու հայութեան ազգային–քաղաքական վերականգնման պայքարը մղել իբրեւ մէկ ու անբաժանելի բռունցք եւ հաւաքական ուժ՝ ֆետայական անջատ խմբաւորումներէն վերաճելով Հայոց Ազգային Բանակի կազմակերպ թթխմորին։
Յաւուր պատշաճի եւ յարգանքի տուրքի խօսքեր ալ լսուեցան, որոնց ամբողջապէս արժանի են անշո՛ւշտ ազատամարտիկ այդ հայորդիները, որովհետեւ անոնց արեան նուիրաբերումով կազմաւորուեցաւ, հասակ նետեց եւ հզօրացաւ Հայոց Բանակը։ Անոնք հիմքը հանդիսացան ազգային–ազատագրական պայքարի բովին մէջ թրծուած մեր բանակին, որ դաժան հասարակափոխութեան ու թուրքեւատրպեճանական շրջափակման պատճառած ընկերատնտեսական ամէնէն անձուկ պայմաններուն մէջ անգամ, անսակարկ տէր կանգնեցաւ Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանուածութեան անփոխարինելի կռուանն ու երաշխիքը հանդիսանալու իր կոչումին։
Հաւաքական մեր ինքնավստահութիւնը ջրդեղող այսօրինակ գնահատականները նաեւ տխուր յիշողութիւններ արթնցուցին, որովհետեւ ըստ ամենայնի հատու պատասխան տուին տարիներէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը ներքնապէս ջլատել փորձող գաղափարախօսական այն շահարկումներուն, որոնք «պետական մտածողութեան» անյարիր կը նկատեն ազգային գաղափարաբանութիւնն ու ազգային–ազատագրական պայքարի աւանդներուն վրայ խարսխուած պետական քաղաքականութիւնը։
Եւ ինչպէ՜ս չյիշել պահպանողական ու ապազգային գրոհները հայոց պետականութեան ղեկին տիրացած այն գործիչներուն, որոնք ազատ ու անկախ Հայաստանի բարձրագոյն ամպիոնները ի չարս գործածեցին՝ վարկազրկելու համար հայկական մերօրեայ ֆետայականութիւնը։
Իբրեւ «լեռներէն իջած ֆետայիներ»ու՝ տարիներով վարկաբեկման փորձերու թիրախ դարձան Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ Հայաստանի իրաւական անկախացման պայքարին յառաջապահ դրօշակիրները, որոնց միակ կամ գլխաւոր «յանցանքը» սեփական զէնքին ապաւինելու եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին մէջ մեր պաշտպանուածութեան երաշխիքը փնտռելու անդառնալի ուխտն էր։
Եւ ինչպէ՜ս չյիշել «պետական մտածողութեան» անունով հրամցուած գաղափարախօսական այդ չարաշահումներուն այլեւս պատմական դարձած ու դասականացած՝ «Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է» բառախաղը, որ վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ իբրեւ պատասխան տրուեցաւ Հայոց Ազգային Բանակի կազմութիւնը պահանջող հետեւողական կոչերուն։
Ո՛չ, անկարելի է չյիշել, որովհետեւ նախ եւ ամէն բանէ վեր կարելի չէ մոռնալ, թէ ինչպիսի՛ ներքին ցեցեր յաղթահարելու գալարումներով ընթացաւ Հայոց Բանակի ստեղծման երկունքը։
Մանաւանդ որ հայոց պետականութեան լիարժէք վերականգնման քսանամեայ ու տակաւին շարունակուող մեր երթին ամբողջ տեւողութեան, ամէն քայլափոխի ազգովին դէմ յանդիման գտնուեցանք նոյնօրինակ գաղափարախօսական ջլատման փորձերու։
Բայց ինչպէս հաւաքական մեր երթի սկզբնական ու անհաստատ քայլերուն ժամանակ, ինչպէս Հայոց Բանակի կազմութեան առաջին քայլերէն սկսեալ, այնպէս ալ այսօր հայ քաղաքական միտքը կոչուած է միշտ յիշելու եւ բնաւ մտահան չընելու գերագոյն զոհաբերութեամբ նուիրագործուած ազգային–քաղաքական ուղին մեր ազատամարտիկներուն՝ հայկական Ֆետայութեան անփոխարինելի աւանդը արդիականացուցած նորօրեայ մեր հերոսներուն։
Ազգային գաղափարաբանութեան կենսունակ աւանդ՝ որ պետական ազգի հասունացման հունով յառաջ մղեց մեր երթը։
Ազգային–քաղաքական ուղի՝ որ պետական մտածողութեան արմատաւորման եւ զարգացման ապահով միակ երաշխիքն է։
Հայոց Ազգային Բանակի 19ամեակը այս առումով Հաւաքական մեր Ուխտի վերանորոգման առիթը եղաւ։
Եկաւ յիշեցնելու եւ վերահաստատելու, որ Ազգի եւ Հայրենիքի պաշտպանուածութեան անփոխարինելի երաշխիքն է Հայոց Բանակը՝ ե՛ւ ազգային–գաղափարական իր երկունքով, ե՛ւ պետական մեր մտածողութիւնը ֆետայական անձնուիրումով հունաւորելու իր աւանդով։