ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 2ին, Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ շարունակեցին պահանջել նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հեռացումը՝ անբաւարար նկատելով իշխանութենէն Սեպտեմբերին հեռանալու անոր առաջարկը:
Խաղաղ ցոյցերը բախումներու վերածուեցան, երբ Մուպարաքի համակիր հազարաւոր ցուցարարներ, ոմանք՝ ձիերու եւ ուղտերու վրայ, յարձակեցան ընդդիմադիրներուն վրայ՝ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառելով:
Եգիպտական բանակը, որ ցուցարարներուն կոչ ըրած էր իրենց տուները վերադառնալու, չմիջամտեց կասեցնելու համար վայրագութիւնները:
Մուպարաք Երեքշաբթի գիշեր արտասանած էր պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին յայտնած էր, թէ նախագահութեան նոր նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ եւ իր նախագահութեան ներկայ նստաշրջանին մնացեալ ժամանակը պիտի տրամադրէ «իշխանութեան խաղաղ փոխանցման»: Ան խորհրդարանին կոչ ուղղած էր բարեփոխումի ենթարկելու սահմանադրութեան թիւ 76 եւ 77 յօդուածները, որոնք կը վերաբերին նախագահութեան թեկնածութեան առաջադրման պայմաններուն եւ նախագահական նստաշրջանի ժամկէտներուն: Ան իր խօսքի աւարտին ընդգծած էր, թէ Եգիպտոսէն պիտի չհեռանայ, այլ անոր հողին վրայ պիտի կնքէ իր մահկանացուն:
Ընդդիմադիր ուժերը Չորեքշաբթի օր գումարուած ժողովէ մը ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նախագահ Մուպարաքի հրաժարումէն ետք միայն փոխնախագահ Օմար Սլէյմանի հետ երկխօսութեան սկսելու: Անոնք կոչ ըրին ցոյցերը շարունակելու, մինչեւ Մուպարաքի հեռացումը:
Նաեւ, Եգիպտոսի մէջ համացանցի ծառայութիւնը վերականգնուեցաւ Չորեքշաբթի օր:
ՄԱԿը եւ Սպիտակ տունը դատապարտեցին բռնարարքները եւ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակումները՝ անգամ մը եւս կոչ ընելով իշխանութեան փոխանցումը խաղաղօրէն իրականացնելու: