ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Գեղարքունիքի մարզի Սեւան քաղաքին եւ Տաւուշի մարզի չորս գիւղերու մէջ (Գետահովիտ, Գանձաքար, Աչաջուր, Խաշթառակի), 2010ի Հոկտեմբեր 21-30ի ընթացքին իրականացաւ փորձնական մարդահամար մը։ Նշեալ շրջաններուն բնակչութիւնը կը կազմէ երկիրի բնակչութեան մէկ տոկոսը:
Փետրուար 8ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Գույումճեան յայտնած է, թէ ամբողջական մարդահամարը պիտի իրականացուի 2011ի Հոկտեմբեր 12-21ի միջեւ՝ ներառելով հանրապետութեան ամբողջ տարածքը։ Մարդահամարին համար պիտի ծախսուի 2.5 միլիառ դրամ: Փորձնական մարդահամարը նիւթական աջակցութիւն ստացած էր ՄԱԿի բնակչութեան հիմնադրամին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ նախորդ մարդահամարին տուեալներով, երկիրի մշտական բնակչութեան թիւը կազմած էր երեք միլիոն 213 հազար մարդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.