ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ութ տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի վարչութեան իբրեւ քարտուղար ծառայելէ ետք, Խորէն Պանտազեան, որ գաղութին կողմէ յարգուած փաստաբան մըն է, ստանձնեց նոյն վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Ան կը փոխարինէ Րաֆֆի Ֆստըքճեանը, որ կը վարէր ատենապետի պաշտօնը 2006էն ի վեր:
Խ. Պանտազեան իրեն հետ կը բերէ հարուստ փորձառութիւն մը, զոր ան ձեռք ձգած է իր կանուխ տարիքէն տարած կազմակերպչական ու մասնագիտական աշխատանքներէն, ե՛ւ իբրեւ առաջնորդարանի զանազան յանձնախումբերու անդամ, ե՛ւ իբրեւ փաստաբան:
Խորէն Պանտազեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի վարչութեան ամէնէն երկարատեւ ծառայող անդամը եղած է:
«Խորէն Պանտազեանի ատենապետութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ենթակայ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի վարչութեան համար… Ուրախ եմ վարչութեան երկարատեւ անդամ եղած Խ. Պանտազեանը նոր դերի մը մէջ տեսնելով… անոր կը մաղթեմ լաւագոյնը», այս առթիւ յայտնեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Արա Վարդանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.