Իր Հինգշաբթի, Փետրուար 10ի թիւով, «Մարմարա» կը գրէ, թէ «Հիւրրիյէթ»ի յօդուածագիր Եալչըն Պայեր մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին, Տերսիմի ցեղասպանութեան գծով նոր գլխացաւ մը պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ համար, վարչապետ Էրտողանի պատճառով: Արդարեւ, «Էն.Թի.Վի.»ի կողմէ Փետրուար 7ին հաղորդուած լուրի մը համաձայն, ամերիկացի փաստաբան Պերի Ֆիշըր աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի ամբողջ աշխարհը ընդունի, թէ Թուրքիա 1937-38 թուականներուն, ցեղասպանութիւն գործադրած է Տերսիմի մէջ։
Յօդուածագիրը կը յայտնէ, թէ վարչապետ Էրտողան Օգոստոս 14, 2010ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ այդ օրերուն իշխանութեան վրայ գտնուող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (ներկայիս՝ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը) «ռմբահարեց Տերսիմի գիւղերը, այն պատրուակով, որ անոնք իրենց տուրքը չէին վճարեր»։ Ան աւելցուցած էր, թէ այդ շրջանի նախագահ Ինէօնիւ գլխաւոր պատասխանատուն էր այդ յարձակումին: Պայեր կը յիշեցնէ նաեւ, թէ դարձեալ Էրտողանն էր, որ Ինէօնիւն նմանցուցած էր Հիթլերին, աւելցնելով, որ նման յայտարարութիւններ «Թունճելի դարձած Տերսիմի ժողովուրդը գրգռելու համազօր չե՞ն»։
«Պետութեան մարդը շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս պէտք է խօսի։ Ան վաղուան ընտրութիւններուն մասին չէ՛ որ պէտք է մտածէ, այլ պէտք է մտածէ պետութեան շահերուն մասին։ Հիմա պիտի տեսնենք, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն ու Տերսիմէն ետք, Կիպրոսի մէջ ալ մեր գլխուն ինչեր պիտի գան», կ՛եզրափակէ Պայեր՝ ակնարկելով կիպրացի թուրքերուն հասցէին Էրտողանի կատարած մէկ անպատասխանատու յայտարարութեան, որ Անգարայի դէմ բողոքի ցոյցեր հրահրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.