ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- Տիթրոյիթի Պոլսահայ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 21ի երեկոյեան ժամը 8ին, ՀԲԸՄի Ալէք եւ Մարի Մանուկեան երկրորդական ամէնօրեայ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի մահուան քառասուն ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ մը: Կոկիկ թիւով մշակութասէր հասարակութիւն մը ներկայ էր հոն՝ ունկնդրելու համար Ս. Վարդան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանը: Հայր սուրբը ներկայացուց Խորհրդային Հայաստանի արդի հայ գրականութեան տաղանդաւոր ստեղծագործ Պարոյր Սեւակի կեանքն ու գրական ստեղծագործութիւնը:
Օրուան հանդիսավարն էր «Էուէյն» համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս փրոֆ. Տիգրան Թումաճեան: Ան յամառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց հայր սուրբին հոգեւոր եւ ազգային գործունէութիւնը գաղութի հասարակական կեանքէն ներս: Ապա բեմ հրաւիրեց ասմունքող Անահիտ Թումաճեանը, որ արտասանեց Պարոյր Սեւակի մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութենէն հատուած մը:
Պարոյր Սիւակի մասին կարճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, դասախօսը աւելի ծանրացաւ անոր գրիչին վրայ: Ան ըսաւ, թէ Սեւակ գերազանց որոնողն է մարդուն եւ մարդկային արժէքներուն: Անոր բանաստեղծութիւնը պայքար մըն է նոր մարդու տիպարի կերտումին:
Ապա բանախօս հայր սուրբը, իր կատարած վելուծումներու աւարտին, խօսքը փակեց մէջբերելով բանաստեղծին հետեւեալ խօսքերը. «Ցեղասպանին ծրագիրն էր բնաջնջել եւ անհետացնել մեզ պատմութեան բեմէն: Մեր վճիռն է՝ Մենք կա՛նք, Պիտի լինե՛նք ու դե՛ռ շատանանք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.